Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի՝ Ատոմ Եղոյեանի «Եօթը քօղ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ

Յուլիս 7-ին Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ բացումը կատարուած է «Ոսկէ ծիրան» շարժարուեստի միջազգային 21-րդ փառատօնին:

Ինչպէս գրած էինք, փառատօնը այս տարի կ՚ընթանայ առանց աւանդական կարմիր գորգի. զայն կը փոխարինեն նկարիչ Դաւիթ Քոչունցի զարդարումներով եւ հայ վարպետներու կողմէ պատրաստուած գորգերը:

Այս տարի երկար ֆիլմերու մրցոյթի դատակազմի նախագահն է օսքարակիր բեմադիր Ալեքսանտր Փեյն։ Ան լրագրողներուն ըսած է, որ շատոնց կը փափաքէր մասնակցիլ հայկական «Ոսկէ ծիրան»-ին, սակայն գերզբաղ ժամանակացոյցը միշտ ալ արգելք հանդիսացած էր։

“Ուրախ եմ, որ վերջապէս կարողացայ ժամանակ գտնել եւ ընդունիլ առաջարկը”,– ըսած է Փեյն։

Իսկ 21-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուոյ հիւրն է կրկնակի օսքարակիր, դերասան Քեւին Սփեյսի։ Ան ժամանած է Երեւան Յուլիս 6-ի երեկոյեան։

Դերասանը լրագրողներուն պատմած է, որ արդէն ամբողջութեամբ երեւանեան տրամադրութեան մէջ է, նոյնիսկ հասած է մասնակցելու Վարդավառին։ Խօսելով «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մասին ան նշած է, որ չափազանց ուրախ է մաս կազմելով նախաձեռնութեան։

“Կարծեմ՝ շարժարուեստի նման փառատօները շատ կարեւոր են, քանի որ կը միաւորեն մարդիկ, որոնք պատմութիւններ կը պատմեն, իրարմէ կը սորվին, զիրար կ՚ողջունեն, միասին ժամանակ կ՚անցընեն։ Իմ կարծիքով՝ սա հրաշալի գործ մըն է, զոր կը տանին փառատօները՝ աջակցելով շարժարուեստին”,– ըսած է Սփեյսի լրագրողներու հետ զրոյցին։

Աւանդաբար այսպէս կոչուող՝ «կարմիր գորգի» արարողութենէն յետոյ հրաւիրեալները դիտած են փառատօնի բացման ֆիլմը, որ այս տարի գանատահայ բեմադիր Ատոմ Եղոյեանի «Եօթը քօղ»-ն էր։ Ֆիլմի անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է անցեալ տարի, Թորոնթոյի շարժարուեստի փառատօնին։

Եղոյեան 12 տարիէ ի վեր չէր մասնակցած «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին։

***

Նշենք, թէ Ատոմ Եղո­յեան եւ Քե­ւին Սփեյ­սի երե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ար­ժա­նացած են «Փա­րաճա­նովեան թա­լեր» մրցա­նակին։

1976-ին Սեր­գեյ Փա­րաճա­նով բան­տի խու­ցին մէջ շի­շերու կա­փարիչ­նե­րու վրայ եղունգով փո­րագ­րած էր դրամ­ներ ու զա­նոնք անուանած «թալեր»։ Աւան­դու­թեան հա­մաձայն՝ «Ոս­կէ Ծի­րան»-ի շրջա­նակին մէջ ար­ծա­թաձոյլ «թա­լեր»-ներ կը շնոր­հուին շար­ժա­րուես­տի աշ­խարհին նշա­նակա­լից ներդրում ու­նե­ցած արուես­տա­գէտ­ներուն։ ■