Օգոստոս 12-ի առաւօտեան ժամը 02.02-ին, Հայաստանի Մարտունի քաղաքէն 9 քմ. հիւսիս-արեւմուտք երկրաշարժ արձանագրուած է։ Ստորերկրեայ ցնցումի ուժգնութիւնը կազմած է Ռիխթերի աստիճանաչափով՝ 4,5-5:
Երկրաշարժը զգալի եղած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ 4 աստիճան, Կոտայք՝ 3 աստիճան եւ Երեւան՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ։
Երկրաշարժի հետեւանքով Գեղարքունիքի մարզի Երանոս գիւղին մէջ կան վնասուած ու փլած շինութիւններ։ Վնասուած է նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Ծակքար գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։