Search
Close this search box.

«Երուանդ Քոչար-125. հատելով ժամանակ եւ տարածութիւն» ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ

 

Երուանդ Քոչարի 125-ամեակի շրջանակին մէջ, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, «Երուանդ Քոչար» թանգարանի եւ Քոչար ընտանիքի համագործակցութեամբ Հոկտեմբեր 29-ին Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է «Երուանդ Քոչար–125. հատելով ժամանակ եւ տարածութիւն» ցուցահանդէսին: 

Բացման հանդիսութեան ողջունելով ներկաները ԿԳՄՄ փոխնախարար Ալֆրեդ Քոչարեան ընդգծած է, թէ պետութեան համար չափազանց կարեւոր է անուանի գործիչներու արժանի մեծարումը եւ այս համածիրին մէջ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակը պատշաճ նշելու նպատակով վարչապետին որոշումով ստեղծուած է յոբելինական յանձնախումբ մը, որ հաստատած է 11 միջոցառումներու առաջարկներ, որոնց իրագործման համար պետական ամավարկէն յատկացուած է 167 միլիոն դրամ:

Փոխնախարարը տեղեկացուցած է, թէ յառաջիկայ Նոյեմբեր 27-ին Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Սերգեյ Փարաճանովի եւ Երուանդ Քոչարի նուիրուած ցուցադրութիւն: Պիտի ցուցադրուին նշեալ կեդրոնի հաւաքածոյին մէջ գտնուող Քոչարի երկու ստեղծագործութիւնները:

«Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Քոչար իր խօսքին մէջ նշած է. “Երուանդ Քոչար խիզախ արուեստագէտ էր, որի հայեացքը միշտ ուղղուած էր ժամանակի մարտահրաւէրներին. նա փորձում էր գտնել պատասխաններ եւ առաջադրել նոր հարցադրումներ: Շատ ուրախ եմ, որ աշխարհին հպարտօրէն կարող ենք ներկայանալ այս մեծ արուեստագէտի ժառանգութեամբ”:

«Երուանդ Քոչար–125. հատելով ժամանակ եւ տարածութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ արուեստագէտին ստեղծագործական ուղին` ընդգրկելով տարբեր տարիներու անոր գեղանկարչական, գծագրական աշխատանքները, քանդակներ ու տարածական գործերը: Առանցքին՝ Քոչարի կեանքի կարեւորագոյն քաղաքներն են` Թիֆլիս, Փարիզ, Երեւան: Կենդանի պատկերներու ազդեցութեամբ յագեցած մթնոլորտի մէջ ներկայացուած են գիւտարար Քոչարի՝ համաշխարհային արուեստի մէջ աննախադէպ երեւոյթ համարուող տարածական գեղանկարները: Քոչար ներկայացուած է նաեւ գեղանկարչական նոր ներկանիւթի` մոմաներկի հեղինակային գիւտով:

Նշենք, թէ Վարպետի գործերը կը պահուին Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, «Երուանդ Քոչար» թանգարանի (Երեւան), «Ժորժ Փոմփիտու» կեդրոնի (Փարիզ), Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարանի (Լիզպոն), Թրեթիաքովեան պետական պատկերասրահի եւ Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստներու թանգարանի (Մոսկուա), Ռուսական պետական թանգարանի (Ս.Փեթերսպուրկ) եւ անձնական հաւաքածոներու մէջ։