Search
Close this search box.

Երուանդ Քոչարի «Ընդվզում» ստեղծագործութիւնը որմնային արուեստի տեսքով կը զարդարէ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկը

Նշանաւոր նկարիչ, քանդակագործ Երուանդ Քոչարի 125-ամեակին առիթով, անոր «Ընդվզում» ստեղծագործութիւնը որմնային արուեստի տեսքով տեղ կը գտնէ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն՝ Պուշկին 62 հասցէին:

Այս ծրագրին հեղինակներէն է Դաւիթ Խաչատրեան։ Ան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ նման արուեստի միջոցով կարելի է երիտասարդներուն ծանօթացնել դասականներու ժառանգութիւնը։

«Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Քոչար իր կարգին նշած է, թէ սոյն գործը տեսնելով թէ՛ տեղացիները եւ թէ՛ զբօսաշրջիկները յաճախ պիտի այցելեն թանգարան՝ հետաքրքրուելով Քոչարի ստեղծած այլ արժէքներով։

Երուանդ Քոչար «Ընդվզում»-ը նկարած է 1930-ին, Ֆրանսայի մէջ: Նկարիչի քանի մը աշխատանք դիտելէ ետք, ծրագրին հեղինակները կանգ առած են այս ստեղծագործութեան վրայ, որովհետեւ ան համահունչ է դարուն, մերօրեայ իրականութեան, քաղաքի անցուդարձին:

Կարինէ Քոչար դժուարութեամբ պատկերացուցած է, թէ ինչպէս կարելի է «Ընդվզում»-ը վերարտադրել պատի վրայ, սակայն գոհ է իտալացի ճարտարապետ, նկարիչ Ֆապիօ Մարիա Ֆետելէի աշխատանքի արդիւնքէն:

Ֆետելէ Երուանդ Քոչարի արուեստին ծանօթացած է համալսարանական տարիներուն: Զայն մեծապէս տպաւորած են Քոչարի իւրայատուկ ոճն ու ձեռագիրը, սակայն հայ արուեստագէտի ստեղծագործութիւններու հարուստ երանգապնակը ան բացայայտած է Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ:

“Հիացայ անոր ստեղծագործութիւններու բազմազանութեամբ: Քոչարի ոչ մէկ աշխատանք կը կրկնէ միւսը: Շատ կը ցաւիմ, որ Պաղ պատերազմը թոյլ չէ տուած, որ Քոչարի արուեստը աւելի լայն տարածում գտնէ Եւրոպայի մէջ”,– նշած է նկարիչը:

Ուշագրաւ որմնային պատկերը ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ քանի մը օրէն: Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 16-ին:

Լուսանկարները՝ Հայկ Յարութիւնեանի