Երուսաղէմ գտնուող ԱՄՆ-ու նախագահ Ճօ Պայտըն Յուլիս 15-ին այցելած է Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին։ Լուրը հաղորդած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան, Դիմագիրքի իր էջով։
Պայտըն հանդիպում ունեցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:
Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ եւ անոր նուիրած է ափսէ մը եւ նուռ մը՝ հայկական յախճապակիէ պատրաստուած։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։