Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութիւնը (շարունակութիւն)

Հայ ցուցարարներուն վրայ յարձակած է կառքերու կայանատեղիի պահակը

Երուսաղէմի մէջ խումբ մը Հայեր Սեպտեմբեր 15-ի երեկոյեան խաղաղ բողոքի ցոյց մը ըրած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասին շուրջ 25%-ը կազմող «Կովերու պարտէզ»-ի ապօրինի վարձակալութեան դէմ։

Նշեալ վայրի կառքերու կայանատեղիին պահակը սպառնացած է իր կառքով խուժել խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, նոյնիսկ պահանջած է հայ երիտասարդի մը «գլուխը»:

Աւելին, ան մտած է իր տնակը եւ ձեռքը առած կրակ մարելու գործիքն ու սպառնացած՝ զայն պարպել անմեղ քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ մայրերու եւ անոնց երախաներուն վրայ:

Իրավիճակը ա՛լ աւելի լարուած է, երբ ան սպառնացած է ամբոխ հաւաքել՝ յարձակելու համար հայ ցուցարարներուն վրայ։

Ի վերջոյ, դէպքի վայր կանչուած է իսրայէլական ոստիկանութիւնը, որ յաջողած է անդորրը վերահաստատել։

https://twitter.com/i/status/1702761290710622302

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝