Դեկտեմբեր 4-ին, Ժառանգաւորաց Վարժարանի փոքր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լուսինէ Սահակեանի, Անի Սարգսեանի եւ Անի Ոսկանեանի աշխատասիրած՝ «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան արխիւի տեղեկագիր մատեան. Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան» գիրքի առաջին հատորի շնորհահանդէսը։
Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեան։ Սրբազան Հայրը նախ անդրադարձաւ Կ․ Պոլսոյ պատրիարք՝ Զաւէն արքեպիսկոպոս Տէր Եղիայեանի հաւաքագրած Հայոց ցեղասպանութեան արխիւի կարեւորութեան, որ երջանկայիշատակ Պատրիարքը որպէս ապահով վայր փոխադրած էր Երուսաղէմ։ Հետագային, 1947-ին նաեւ ինք իր կտակին համաձայն թաղուած է Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ գերեզմանատան մէջ՝ Պատրիարքներու կարգին։ Ապա ներկայացուց գիրքի հեղինակներէն Լուսինէ Սահակեանը, Անի Սարգսեանը եւ Անի Ոսկանեանը, որոնց կատարած աշխատանքը որակեց կոթողային գործ, շնորհաւորեց հեղինակներէն ներկայ տիկին Լուսինէ Սահակեանը, տեսակապով շնորհահանդէսին միացած տիկին Անի Սարգսեանը եւ տիկին Անի Ոսկանեանը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հատորին կազմութեան աջակցած բոլոր անձերուն եւ հրաւիրեց տիկին Լուսինէ Սահակեանը՝ ներկայացնելու գիրքը ձեռնարկին ներկայ հոգեւորականներուն, Ժառանգաւոր սաներուն եւ Սաղիմահայերուն։
Տիկին Լուսինէ Սահակեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց գրքի ստեղծման աշխատանքներուն աջակցող եւ քաջալերող Սրբոց Յակոբեանց միաբաններէն Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանին, Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեանին, Ներսեհ վարդապետ Ալոյեանին, Աղան վարդապետ Գոգչեանին եւ Պատրիարքարանի պաշտօնեայ՝ Պօղոս սարկաւագ Շահանեանին։ Մասնաւոր երախտագիտութեան խօսք ըսաւ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան պատրիարքին՝ իր հայրական վերաբերումին եւ օրհնութեան համար։
Բազմալեզու այս արխիւը բաղկացած է հայերէն, օսմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, հայատառ թրքերէն վաւերագրերէ եւ իր ծաւալով ու զանազան վաւերագրերու ընդգրկումով անգնահատելի արժէք ունի 1912-1922 թուականներու հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու, օսմանեան եւ քեմալական իշխանութիւններու իրագործած ցեղասպանութեան տակաւին շրջանառութենէ դուրս մնացած մանրամասնութիւնները վեր հանելու տեսանկիւնէն։
Արխիւը ստեղծուած է 1919-1922 թուականներուն Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հովանիին ներքոյ հիմնուած Տեղեկատու դիւանին կողմէ։ Դիւանը իր գործունէութիւնը ծաւալած է պատմական եւ աշխարհաքաղաքական առճակատումներու բարդ ժամանակաշրջանին, որու կործանարար կիզակէտին մէջ յայտնուած էր հայ ժողովուրդը։ Այդպիսի վտանգաւոր պայմաններու տակ նման հսկայածաւալ վաւերագրերու հաւաքման աշխատանքը մեծ անձնուիրութիւն եւ յատկապէս խիզախութիւն կը պահանջէր։ Տեղեկատու դիւանը եւս հայ ժողովուրդի նման անցած է տարագրութեան ուղիներով՝ տեղէ-տեղ փոխադրուելով, անցնելով դեգերումներու ընդմէջէն, նոյնիսկ մասնատուելով, տարբեր ճանապարհներով վերջապէս հանգրուանած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ այսօր ամբողջ հաւաքածոն կը պահուի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հովանիին ներքոյ։
2017 թուականէն ի վեր չորս այցելութիւններու ընթացքին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին Լուսինէ Սահակեան եւ Անի Սարգսեան յաջողած են թուայնացնել 11 տուփերու մէջ պահուող արխիւային վաւերագրերը։ Զաւէն Պատրիարքի գրութիւններէն տեղեկանալով որ այդ արխիւը բաւական մեծ ծաւալ ունի, անոնք այլ ֆոնտերէն գտած են լրացուցիչ երեք արկղ եւս եւ ամբողջացուցած են սոյն արխիւը։
Թուայնացման աշխատանքները աւարտելէ յետոյ աշխատակազմին միացած է նաեւ Անի Ոսկանեան։
Քանի որ գիրքը նուիրուած է «ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու, ի խորին երախտագիտութիւն Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, երջանկայիշատակ Տէր Զաւէն արք․ Տէր Եղիայեանի եւ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի “Տեղեկատու Դիւանի”՝ “Հայկական հարցի ու Հայոց ցեղասպանութեան արխիւ”-ը ստեղծողներուն», տիկին Սահակեան խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել անոնց յիշատակը։ Ապա շարունակեց ներկայացնել գիրքը։
Գիրքին մէջ իւրաքանչիւր վաւերագիր արձանագրուած է ըստ թղթապանակներու։ Մատեանին մէջ առաջին անգամ մանրամասն ցուցակագրուած եւ ծաւալուն նկարագրութեամբ ներկայացուած են «Տեղեկատու դիւանի» «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան արխիւ»-ի առաջին տուփին մէջ հաւաքուած 634 վաւերագրեր, որոնցմէ հայերէն՝ 354, ֆրանսերէն՝ 185, օսմաներէն՝ 34, անգլերէն՝ 44, ռուսերէն՝ 4, գերմաներէն՝ 1, բոլորը միասին (շուրջ 2039 էջ) նկարագրուած են համապատասխան ծանօթագրութիւններով։ Գիրքը բաղկացած է 1040 էջերէ։ Արխիւին մէջ հաւաքուած են հայ եւ օտար քաղաքական-հասարակական, հոգեւոր գործիչներու, դիւանագէտներու բազմաթիւ զեկոյցներ, տեղեկագրեր, նամակներ, ականատեսներու վկայութիւններ եւ օրագրեր, ինչպէս նաեւ՝ Առաջին աշխարհամարտէն առաջ եւ յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ այլ վայրերու հայ բնակչութեան, որբերու, իսլամացուած ու առեւանգուած հայերու, նիւթական կորուստներու վիճակագրական ցանկեր, առաջնորդարաններէն՝ Կ․ Պոլսոյ bատրիարքարան ուղարկուած նամակներ, օսմանեան իշխանութիւններու՝ հայերու բնաջնջման հրամանագրեր, երիտթուրք ոճրագործներու անուանացանկեր եւ այլն։ «Տեղեկատու դիւանի» սոյն արխիւը ստեղծուած է որպէս հայց՝ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ-պատասխանատուները ու մասնակից յանցագործները պատժելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու համար։
Մատեանը կարեւոր փաստական մանրամասնութիւններ կը մատուցէ պատմաբաններուն, ցեղասպանագէտներուն, արեւելագէտներուն, դիւանագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ՝ նոր ցեղասպանութիւնները կանխելու ուղղուած քաղաքական ու հասարակական հայ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւններուն։
Շնորհահանդէսին տեսակապով միացած՝ գիրքի հեղինակներէն Անի Սարգսեան յուզմումով ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ Իր խօսքին մէջ ան՝ Լուսինէ Սարգսեանի եւ Կորիւն սրբազանի ըսածներուն աւելցուց, թէ այս գիրքը կ’ամփոփէ հայերէն, օսմաներէն եւ եւրոպական գրեթէ բոլոր լեզուներով զեկոյցները, արձանագրութիւնները, օրագրերը, եւ ըսաւ․ «Կը հաւատամ, որ ծանօթագրութիւններով հարուստ այս գիրքը, ինչպէս նաեւ օսմաներէն փաստաթուղթերու թարգմանութիւնները ուղենիշ կը դառնան հետազօտողներու համար եւ նոր շունչ կը հաղորդեն Ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Յուսալքութեան, ուժասպառ ըլլալու եզրին մեզ մշտապէս կ’ոգեւորէին, կը մխիթարէին մեր հոգեւոր հայրերը, որ կարենանք շարունակել այս դժուարին աշխատանքը»։
Ապա դարձեալ տեսակապով շնորհանդէսին միացած Անի Ոսկանեան ալ նոյնպէս անթաքոյց յուզումով ներկայացուց այս բացառիկ մատեանը, որու մէջ ամփոփուած փաստաթուղթերը կ’ամրագրեն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Շնորհահանդէսի վերջաւորութեան Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի հեղինակներուն, որոնց մասնագիտական աշխատանքին շնորհիւ այս կոթողային աշխատանքը դրուեցաւ ուսումնասիրողներու եւ հետազօտողներու սեղանին։ Իր խօսքին մէջ Սրբազանը վստահութիւն յայտնեց, թէ «գիրքը շատ պատասխաններ պիտի տայ, բացայայտումներ պիտի ընէ ի հեճուկս թրքական մերժողականութեան, նաեւ ի հեճուկս որոշ հայերու թրքաբարոյ մեկնաբանութեանց։ Երախտապարտ ենք։ Թող Աստուած օրհնէ հեղինակները, որպէսզի նոյն եռանդով շարունակեն յաջորդ հատորներու հրատարակման դժուարին գործը»։
Շնորհահանդէսը փակուեցաւ աղօթքով։
Քաղուած՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան Դիմագիրքի էջէն
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։