Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – «Շնորհի լոյսը» խորագրով ցուցահանդէս՝ «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանին մէջ 

Նոյեմբեր 22-ին, Երուսաղէմի Հայ եւ Լատին պատրիարքութեանց գործակցութեամբ «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է սպանացի արուեստագէտ Մարիա Ռուիզ Ռոտրիկէզի «Շնորհի լոյսը» խորագրով մանրանկարներու առժամեայ ցուցահանդէսին։

Ցուցադրուած մանրանկարները Լատին պատրիարք՝ Փիերպաթիսթա արք. Փիցապալայի պատուէրով գրուած ձեռագրի նկարազարդումներն են, զորս սպանացի նկարչուհին գծած է հայկական միջնադարեան մանրանկարներէն՝ մասնաւորապէս Թորոս Ռոսլինէն, Սարգիս Պիծակէն, Տուխ Թուրէն եւ բազմաթիւ այլ ծաղկողներէ ներշնչուելով:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք՝ Նուրհան արք. Մանուկեան, Լատինաց պատրիարքը, Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսը, Սրբոց Յակոբեանց միաբան Հայրեր, սաղիմահայեր եւ հիւրեր:

Այս առթիւ կազմակերպուած է երաժշտական կոկիկ յայտագիր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկած եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթած է Թանգարանի տեսուչ՝ Արշակ աբեղայ Ղազարեան, իսկ մանրանկար ցուցանմուշներու բովանդակութիւնը ներկայացուցած է մանրանկարներու հեղինակ՝ Մարիա Ռուիզ Ռոտրիկէզ:

Երեկոյթին հնչած են Կոմիտասի, Հենտելի եւ Պախի ստեղծագործութիւնները՝ ալթօ Տորին Սասինիի, թաւջութակահար Ֆապիէն Վան Էքի եւ դաշնակահար Գէորգ Բադալեանի կատարողութեամբ:

Լուսանկարները՝ Gianfranco Pinto Ostuni-ի