Search
Close this search box.

Եւրոպական ընտրութիւններ. Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Ռաֆայէլ Կլիւքսման եւ Լէոն Տեֆոնթէն իրենց յանձնառութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ

Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի

Յունիս 6-9-ի յա­ռաջի­կայ եւ­րո­պական ընտրու­թիւննե­րուն ըն­դա­ռաջ՝ Ար­ցա­խի աջակ­ցութեան ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը (ASA) թեկ­նա­ծու­նե­րուն ներ­կա­յացու­ցած է Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի աջակ­ցութեան յայ­տա­րարու­թիւն մը՝ անոնցմէ խնդրե­լով զայն ստո­րագ­րել, եթէ կը հաս­տա­տեն բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Դի­մու­մին ար­ձա­գան­գած են «Հան­րա­պետա­կան­ներ» կու­սակցու­թեան թեկ­նա­ծու Ֆրան­սուա-Զա­ւիէ Պե­լամի, Ըն­կերվա­րական կու­սակցու­թեան՝ Place publique-ի թեկ­նա­ծու Ռա­ֆայէլ Կլիւքսման եւ Ֆրան­սա­կան հա­մայ­նա­վարա­կան կու­սակցու­թեան թեկ­նա­ծու Լէոն Տե­ֆոն­թէն։ Առա­ջին եր­կուքը տե­սանիւ­թով յայտնած են իրենց աջակ­ցութիւ­նը։

Ֆրան­սուա-Զա­ւիէ Պե­լամի իր տե­սահո­լովա­կին մէջ կը նշէ, որ հա­ւատա­րիմ է Կով­կա­սի մէջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան, ինչպէս նաեւ հիմ­նա­կան իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան, որոնք խախ­տուած են Իլ­համ Ալիեւի կող­մէ Ար­ցա­խի մէջ գոր­ծուած ցե­ղային զտու­մով։

“Այ­սօր մենք չէ, որ կը կռուինք յա­նուն հա­յերուն եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղին, այլ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղն ու Հա­յաս­տա­նը կը պայ­քա­րին մե­զի հա­մար՝ պաշտպա­նելու էակա­նը։ Եւ սա է պատ­ճա­ռը, որ մենք միշտ կը շա­րու­նա­կենք յանձնա­ռու մնալ իմ շուրջը գտնուող պա­տուի­րակու­թեան հետ՝ պաշտպա­նելով այս դա­տը, որ մեր ընդհա­նուր դատն է, քա­նի որ ան Եւ­րո­պայի դատն է”,– կը յայ­տա­րարէ Ֆրան­սուա-Զա­ւիէ Պե­լամի իր տե­սանիւ­թին մէջ։ (Տե­սանիւ­թին կա­պը՝ https://www.youtube.com/watch?v=kYZzLPiJYvA&ab_channel=Associationdesoutien%C3%A0l%27Artsakh)։

Ինչ կը վե­րաբե­րի Ռա­ֆայէլ Կլիւքսմա­նի, ան խիստ ոճով կը յայ­տա­րարէ, որ Իլ­համ Ալիեւի կազ­մա­կեր­պած ցե­ղային զտու­մը մեծ ամօ­թի պահ մըն էր Եւ­րո­պական Միու­թեան հա­մար։ Ղե­կավար­նե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւնը չա­փազանց թոյլ էր, չա­փազանց երկչոտ, չա­փազանց յար­գա­լից Ազեր­պայճա­նի նկատ­մամբ։

“Եւ­րո­պան պէտք է շատ աւե­լի հաս­տա­տակա­մօրէն հա­ւատա­րիմ մնայ Կով­կա­սի մէջ ժո­ղովրդա­վարու­թեան: Եւ­րո­պան պէտք է իմա­նայ, թէ որոնք են իր դաշ­նա­կից­նե­րը եւ որոնք՝ հա­կառա­կորդնե­րը, իսկ դաշ­նա­կից­ներն են ժո­ղովրդա­վար­նե­րը, ժո­ղովրդա­վարու­թիւննե­րը, ժո­ղովուրդնե­րը, որոնք կ՚ընտրեն իրենց ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը եւ կը ձգտին եւ­րո­պական ապ­րե­լակեր­պին: Սա ալ՝ հա­յերն են”,– կ՚ըսէ Ռա­ֆայէլ Կլիւքսման։ (Տե­սանիւ­թին կա­պը՝ https://www.youtube.com/watch?v=qCtQ9ZBOl74&ab_channel=Associationdesoutien%C3%A0l%27Artsakh

«Ես ան­կեղծօ­րէն շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ Ֆրան­սուա-Զա­ւիէ Պե­լամիին, Ռա­ֆայէլ Կլիւքսմա­նին եւ Լէոն Տե­ֆոն­թէ­նին՝ հայ ժո­ղովուրդի են­թարկուած սար­սա­փելի փոր­ձութիւննե­րէն յե­տոյ անոր նկատ­մամբ իրենց յանձնա­ռու­թեան հա­մար: “Ար­ցա­խի աջակ­ցութեան ըն­կե­րակ­ցութիւն”-ը բնա­կանա­բար պի­տի հրա­պարա­կէ այլ տե­սահո­լովակ­ներ, եթէ առա­ջատար թեկ­նա­ծու­նե­րէն ու­րիշներ եւս ար­տա­յայ­տեն իրենց յանձնա­ռու­թիւնը Հա­յաս­տա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի նկատ­մամբ»,– կը յայ­տա­րարէ «Ար­ցա­խի աջակ­ցութեան ըն­կե­րակ­ցութեան» նա­խագա­հու­հի Նել­լի Սեր­գի­սեան։