Եւրոպական Խորհրդարանի (ԵԽ) շարք մը երեսփոխաններ կոչ կ՚ընեն Հայաստանի իշխանութիւններուն զերծ մնալ ա-
պօրինի գործողութիւններէն:
«Մենք կը միանանք միջազգային կազմակերպութիւններու խումբին եւ մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմաններու զատման եւ սահմանագծման հոլովոյթի մեթոտներուն եւ շտապողականութեան վերաբերեալ։
Ցաւօք, ակնյայտ է, որ սահմանի զատումը կ՚իրականացուի Հայաստանի դէմ յարձակման սպառնալիքի ներքոյ, որ կը խաթարէ գործընթացի օրինականութիւնը։ Կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն ուժի եւ ուժի կիրարկման սպառնալիքի բացակայութեան պայմաններու մէջ։ Մենք տեղեակ ենք, որ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած բողոքի շարժումը կ՚արտացոլէ հայ հասարակութեան տարբեր խաւերու մտահոգութիւնները՝ գոյաբանական հարցերու շուրջ։
Այսպէսով, մենք կոչ կը յղենք Հայաստանի կառավարութեան զերծ մնալու անհամաչափ ուժի կիրարկումէն, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ քայլէ, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ օգտուելու իրենց սահմանադրական իրաւունքներէն»,– նշած են երեսփոխանները։
Էմանուիլ Ֆրակգոս – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական պահպանողականներու եւ ռեֆորմիստներու խումբ, Յունաստան
Իլան տէ Պասօ – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Ընկերվարականներ եւ դեմոկրատներ, Շուէտ
Չարլի Վայմերս – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական պահպանողականներու եւ ռեֆորմիստներու խումբ, Շուէտ
Լարս Փաթրիք Պերկ – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական պահպանողականներու եւ ռեֆորմիստներու խումբ, Գերմանիա
Սթելիոս Գիմփուրոփուլոս – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Յունաստան
Մարիա Սփիրաքի – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Յունաստան
Լուքաս Ֆուրլաս – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս
Քոսթաս Մավրիտիս – Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Ընկերվարական կուսակցութիւն, Կիպրոս։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։