Յուլիս 22-ին, Եւրոպական յանձնաժողովը հաստատած է Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն 10 միլիոն եւրօ Հայաստանին տրամադրելու որոշումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուելիք սոյն աջակցութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինուած ուժերու կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման աշխատանքներուն:
Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին համաձայն՝ որոշումը կայացուած է Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) գործընկերութեան շրջանակին մէջ եւ ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանումին։ Ան նաեւ նպատակ ունի բարձրացնելու Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագացնելու զինուած ուժերու փոխադարձ գործունակութիւնը՝ հետագային ԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած ռազմական առաքելութիւններուն ու գործողութիւններուն հնարաւոր մասնակցութեան պարագային։ Որոշումին մէջ ընդգծուած է թէ աջակցութիւնը կ՚արտօնէ գումարտակի չափով ստորաբաժանումի մը համար ապահովել ամբողջական վրանային ճամբար մը:
ԵՄ-ի Արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլի համաձայն՝ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տարր մըն է ապահովութեան երաշխաւորումը։
«ԵՄ-ը հաւատարիմ է Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը ընդլայնելու եւ ա՛լ աւելի ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր հարթակներուն վրայ»,– նշած է ԵՄ-ի յանձնակատարը։
Ինչպէս ծանօթ է, Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը հիմնուած է 2021-ին, որ ԵՄ-ին թոյլ կու տայ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կը միտին երրորդ պետութիւններու եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ռազմական եւ պաշտպանական կարողութիւններու հզօրացման:
Նոյն օրը, Եւրոպական յանձնաժողովը հաստատած է նաեւ Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագրերու շուրջ բանակցութիւններ սկսելու ուղղութեամբ ԵՄ-ի անդամ բոլոր երկիրներու դեսպաններու մակարդակով քանի մը օր առաջուան որոշումը՝ կրկնելով, թէ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար ԵՄ-ի մուտքի արտօնագրի պայմանը կրնայ ջնջուիլ մի՛այն սահմանուած պայմաններուն ամբողջական կատարումէն ետք։ Հայաստան պէտք է էական բարեփոխումներ կատարէ այս նպատակին հասնելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունած է ԵՄ-ի կողմէ կայացուած վերոնշեալ պատմական որոշումները։ «Սա Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան շատ կարեւոր փուլ մըն է՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան տեսլականի վրայ»,– ըսած է նախարարը։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ անմիջապէս քննադատած է Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելու ԵՄ-ի որոշումը՝ նշելով, թէ «ԵՄ-ի նման քայլերը ակնյայտօրէն միակողմանի ու կողմնակալ են եւ կը հանդիսանան տարածաշրջանին մէջ բաժանարար գիծեր ստեղծելու քաղաքականութեան դրսեւորում»։
Պաքու շեշտած է, թէ «ԵՄ-ը պէտք է վերջ դնէ տարածաշրջանին մէջ զէնքի եւ ռազմականացման քաղաքականութեան, հակառակ պարագային պատասխանատւութիւն պիտի կրէ Հայաստանի կողմէ՝ կայունութիւնը վտանգի ենթարկող որեւէ հրահրումի համար»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։