Եւրոպական Միութիւնը ԵՄ-Հայաստան 2021-2027 թիրախային բազմամեայ ծրագրի շրջանակին մէջ 10 միլիոն եւրօ դրամաշնորհ կը տրամադրէ Հայաստանին` ոստիկանական համակարգի բարեփոխումներու իրագործման, գաղթի կառավարման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ուղղութիւններով:
Հոկտեմբեր 20-ին կայացած կառավարութեան նիստին, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտնած է, որ աջակցութիւնը կ՚ուղղուի նաեւ Ներքին գործոց նախարարութեան ձեւաւորման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։