Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութիւնը մէկ միլիառ եւրոյի նպաստ մը եւս պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ՝ սուրիացի ապաստանեալներու կարիքները հոգալու համար

Եւրո­պական յանձնա­խումբի նա­խագա­հու­հի Ուրսու­լա վոն տեր Լե­յէն Դեկ­տեմբեր 17-ին, Ան­գարայի մէջ ըն­դունուած է Թուրքիոյ նա­խագահ Էր­տո­ղանի կող­մէ։

Հան­դի­պու­մէն ետք, Լե­յէն յայ­տա­րարած է, թէ Եւ­րո­պական Միու­թիւնը մէկ մի­լիառ եւ­րո­յի նպաստ մը եւս պի­տի տրա­մադ­րէ Թուրքիոյ, սու­րիացի ապաս­տա­նեալ­նե­րու օգ­նութեան գան­ձատրման նպա­տակով։ 

Սու­րիոյ վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րու այս օրե­րուն՝ մինչ Թուրքիա կը փոր­ձէ սու­րիացի ապաս­տա­նեալ­նե­րու նկատ­մամբ իր վե­րաբե­րու­մը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս «մար­դա­սիրա­կան», առանձնա­պէս հե­տաքրքրա­կան է Լե­յէնի այս յայ­տա­րարու­թիւնը։