Յուլիս 18-ին Ազերպայճան այցելած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն եւ հանդիպում ունեցած՝ նախագահ Ալիեւի հետ։
Նոյն օրը Եւրոպական Միութեան եւ Ազերպայճանի միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման համաձայնագիր մը՝ ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական գործակցութեան վերաբերեալ։
Այս առթիւ տիկին ֆոն տեր Լեյեն Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով հաղորդած է.– «Այսօրուան համաձայնագրով մենք յանձնառու եղանք ընդլայնելու Հարաւային կազային միջանցքը։ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է կրկնապատկելու Ազերպայճանէն ներածուող կազին ծաւալը»:
Ռընօ Միւզըլիէ ուժանիւթի տագնապի հարցով.-
«Տագնապը պէտք չէ մղէ ռազմատենչ բռնակալ մը փոխարինելու՝ մէկ ուրիշով»
Ֆրանսայի Հարաւի (Փրովանս – Ալփ – Գոթ տ՚Ազիւր) շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ արձագանգելով ԵՄ-Ազերպայճան վերոնշեալ համաձայնագրին՝ «թուիթ»-ով մը կատարած է հետեւեալ գրառումը.-
«Այո՛, Եւրոպայի ուժանիւթային անկախութիւնը առաջնահերթութիւն մըն է։
Ո՛չ, ան չի կրնար մղել ռազմատենչ բռնակալ մը փոխարինելու՝ մէկ ուրիշով։
Զօրակցութի՛ւն հայ ժողովուրդին, ի մասնաւորի՝ Արցախի ժողովուրդին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։