Սեպտեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպացիները յանուն Արցախի հարթակին (Europeans for Artsakh) առցանց հանդիպումը մասնակցութեամբ՝ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Նետերլանտներու, Յունաստանի, Չեխիոյ, Պելճիքայի,Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններուն:
Օրակարգի հիմնական նիւթն էր Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի ընդառաջ Արցախահայութեան ի նպաստ տարուող քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքները:
Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախաձեռնութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քարոզչական արշաւներու մասին զեկուցեց Մարիանա Վարդանեան: ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ COP29-ի գծով կատարուած եւ գալիք աշխատանքները ներկայացուց Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Ժողովի մասնակիցները հաստատեցին, թէ չափազանց կարեւոր է որ եւրոպահայութիւնը զօրաշարժի լծէ իր ուժերը որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ հետեւեալ նպատակներով՝
– Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերիներու ազատ արձակում,
– Արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ արտաքին քաղաքական զօրակցութեան ապահովում եւ Պաքուի վրայ համապատասխան միջազգային ճնշում,
– Ազերպայճանական ցեղային զտումի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտում,
– Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական ուժերու հեռացում,
– Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւն։
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 76 երեսփոխաններ անբաղձալի անձերու ցանկին ներառելու Ազերպայճանի որոշումին: Ժողովին մասնակիցները դատապարտեցին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս քայլը եւ որոշեցին զօրավիգ կանգնիլ Պաքու իրենց մուտքը արգիլուած երեսփոխաններուն:
Այս գրառումը բաժնելու ժամանակ գործածել այս հաշթակները.
#COP29 #cop29exposed #copout29 #FreeArmenianHostages
#Stopgreenwashgenocide#FreeArmenianPOWs
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։