Search
Close this search box.

«Եւրոտեսիլ-2024» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Ladaniva-ն

Հայուհի Ժաքլին Պաղտասարեանի եւ ֆրանսացի Լուի Թոմայի հանդիպումով Ֆրանսայի Լիլ քաղաքին մէջ 2019-ին ծնունդ առած է « Ladaniva »-ն, որ արդէն բաւական ծանօթ է ֆրանսացի հանրութեան։ Զոյգը յաջողած է իր դրոշմը դնել իւրայատուկ երաժշտութեան մը վրայ, որ արեւմեան կշռոյթներու՝ պալքանեան եւ երբեմն ալ հայկական շեշտաւորումներով կը յատկանշուի։

Անոնք, «Եւրոտեսիլ»-ի այս տարուան մրցոյթին պիտի ներկայացնեն Հայաստանը, իրենց «Ժաքօ» (« Jacko », այնպէս ինչպէս կ՚անուանէին Ժաքլինը, երբ երեխայ էր) երգով։ (Երգին տեսանիւթին կապն է՝ https://youtu.be/_6xfmW0Fc40

Ի տարբերութիւն Հայաստանի նախորդ տարիներու երգերուն,– որոնք կ՚ըլլային անգլերէն,– այս մէկը հայերէն է եւ փարաճանովեան տեսարաններ յիշեցնող բեմայարդարումով օժտուած։ 

Ժաքլին Պաղտասարեան ծնած է Հայաստան, բայց երեք տարեկանին ընտանեօք մեկնած են Պելառուս, ուրկէ ալ 18 տարեկանին գաղթած է Ֆրանսա։

Ladaniva զոյգին առաջին երգը՝ «Քեֆ չլինի», որ հրապարակ ելած է աւելի քան հինգ տարի առաջ, Եութիւպի վրայ արդէն շուրջ 30 միլիոն այցելու ունեցած է։ 

Եւրոտեսիլի այս տարուան մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ Շուէտի Մալմէօ քաղաքին մէջ, յառաջիկայ Մայիսին։