Search
Close this search box.

Զախարովայի ձախաւեր պատասխանը Արմէն Գրիգորեանի ամբաստանութեան

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւններուն, մասնաւորապէս ըսած է.

«Կ՚ենթադրեմ թէ կան բաներ, զորս կարելի չէ մեկնաբանել առանց բժշկական կրթութեան։ Հիմնականը այն է, որ ըլլալով  իշխանութեան ներկայացուցիչներ՝ նման գործիչներ կը ստորացնեն իրենց սեփական ժողովուրդը։

Հայաստանի քաղաքացիները պաշտպանեցին իրենց տարածքը, տուին իրենց կեանքը՝ զայն համարելով պատմականօրէն կարեւոր։  Տարիներ շարունակ այս թեզերու վրայ կառուցուած է Հայաստանի՝ իբրեւ պետութիւն գաղափարախօսութիւնը։ Անոնք արձագանգեցին պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու կոչին։ Անոնք գիտէին, թէ ինչո՛ւ կը կռուին, ինչո՛ւ կը զոհաբերեն իրենց բարեկեցութիւնը, ինչո՛ւ իրենց կիներն ու երեխաները կը դատապարտեն այրիութեան եւ որբութեան»։

***

Ակներեւ է՝ Զախարովայի վերեւ ըսածները աղերս չունին Արմէն Գրիգորեանի մեղադրանքին հետ։ Հայաստանի, Արցախի քաղաքացիներու հայրենասիրական ոգիով ցուցաբերած զոհաբերութիւնը ի՞նչ կապ ունի Ռուսաստանի յղուած,– եթէ բառերը չծամծմենք,– դաւաճանութեան ամբաստանութեան հետ։ Աղերս  չունենալէ անդին ալ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնները կը պարունակեն միակ յատկանիշ մը, որ ամբաստանողը «հոգեկան հիւանդ» որակելն է։ 

Այլ խօսքով, կա՛յ ամբաստանութիւն մը, բայց չկայ հերքումի յատկանիշին արժանի արդարացում մը, բացատրութիւն մը. փոխարէնը՝ կա՛յ նախատինք, որ անկասկած ըսուածին ճշմարտութեան պատճառած զայրոյթին հետեւանքն է։ 

Տիկին Զախարովի պարագային կը մնայ յիշել ֆրանսական ասացուածքը՝ «Միայն ճշմարտութիւնն է, որ կը վիրաւորէ»։ 

 

Պաքուի մեկնաբանութիւնը

Իր կարգին, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ մեկնաբանելով Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնները, ըսած է, թէ «անոնք այդ երկրի նախորդ եւ ներկայ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան յանցանքը քօղարկելու, զայն ուրիշներուն վրայ բարդելու եւ ինքնաարդարացման նպատակ ունին»։

“Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ այսպիսի յայտարարութիւններ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մտածելակերպին մէջ վրէժխնդրական պատրանքներու պահպանման արտացոլումն են”,– նշած ան։