Search
Close this search box.

Զահրատ-100 տարեկան

Պոլիս, «Նոր Մարմարա» – 10 Մայիս թուականը կը խորհրդանշէ իսթանպուլահայ հանրայայտ բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան օրը եւ «Զահրատ 100 տարեկան» կարգախօսի ներքեւ կարգ մը միջոցառումներ տեղի ունեցան Հայաստանի ու քաղաքիս մէջ:

Իսթանպուլեան ձեռնարկը սարքուեցաւ Էսաեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ:

Միջոցառումը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան ու Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան:

Ներկայ էին Զահրատի կողակիցը՝ տիկին Անայիս Եալտըզճեան, գիր-գրականութեան սիրահարներ ու մշակութասէր խուռներամ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը արտասանեց Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետուհի տիկին Մարիամ Տրամէրեան, ուշագրաւ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով Զահրատի ստեղծագործական կեանքէն ու գործունէութենէն:

Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին հանդէս եկան օփերայի երգիչներ Արթիւր Պաղտասարեան, Գարին Չուպուքճեան-Պօզքուրթ, մեր սիրելի ասմունքողուհի Տիկին Սիլվա Կոմիկեան՝ բանաստեղծութիւններով, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Բագրատ Էսթուգեան, Տիգրան Ալթուն, Յովհաննէս Շաշքալ եւ Տարօն Մարտիկեան հրապարակային ասուլիսի ձեւով յիշատակներ պատմեցին Զահրատէն:

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը: