Search
Close this search box.

Զարեհ Սինանեան. «Պէտք է գիտակցենք, որ Սփիւռքը կը մնայ ուժեղ եւ կը յարատեւի, եթէ ունենանք ուժեղ Հայաստան»

Սեպտեմբեր 20-ին, աւարտած են Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովի նիստերն ու առանձին քննարկումները։

Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ընդգծած է քննարկումներուն ներկայացուած միտքերը, գաղափարներն ու մասնակիցներուն փորձառութեան փոխանակումը։

Ան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.

“Սփիւռքը պէտք է Հայաստանին ճիշդ հասկանայ։ Մենք ունենք իրական սահմանափակումներ, որոնք մեզ չեն թոյլատրում անել այն, ինչ մենք էլ կ՚երազէինք անել։ Որոշ սահմանափակումներ, որ մենք ունենք, Սփիւռքը չունի ու կարող է շատ բաներ անել Հայաստանի շահի համար եւ յուսամ ինչ-որ ձեւով Հայաստանի հետ համակարգուած։ Հայաստանն էլ, ի հարկէ, պէտք է Սփիւռքին համապատասխան ձեւով գնահատի, իսկ դրա համար պէտք է համապատասխան ձեւով ճանաչի եւ այդ երկկողմանիօրէն յարգալից, անկեղծ յարաբերութիւնից ծնուելու է մեր վաղուայ շատ աւելի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը”։

Սինանեան, իբրեւ օրինակ, ամէնէն կազմակերպուածն ու արդիւնաւէտը գնահատած է Ֆրանսայի համայնքներու գործունէութիւնը՝ նշելով, թէ ֆրանսահայերը ցոյց տուած են, թէ ինչպէս մեծ ազդեցութիւն ունին Հայաստանի ճակատագրին վրայ։

“Հայաստանը հայութեան խարիսխն է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլորիս համար ֆիզիքապէս յստակ եւ աշխարհի կողմից ընդունուած այն տարածքն է, որտեղ մեր մշակոյթը, կենսաոճը, մեր լեզուն, մեր դաւանանքը կը մնան մերը՝ հայկական։ Միակ տեղն է, որտեղ այն, ինչը մենք, որպէս հայ անհատներ ընտրում ենք մեր համար, կը մնայ հայկական։ Սփիւռքում մենք կարող ենք ապրել եւ լինել հայ, բայց դա երկար չի տեւում եւ պատմութիւնը ապացուցել է։ Մենք պէտք է գիտակցենք, որ Սփիւռքը կը մնայ ուժեղ եւ կը յարատեւի , եթէ ունենանք ուժեղ Հայաստան”,– ընդգծած է ան։

Գագաթնաժողովի եզրափակիչ նիստէն ետք մասնակիցները այցելած են «Հայաստանը այլ հայեացքով» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր 40 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եւ 80 հայաստանեան արտադրողներ ներկայացուցած են իրենց արտադրութիւնները: