«Զարմանազան»-ը Ալպեան լեռներուն մէջ

Համաճարակին պատճառով երկու տարուան բացակայութենէ ետք, «Զարմանազան»-ը գտած է իր բոյնը Ալպեան լեռներուն ծոցը «Առատութեան հովիտ»-ի (Vallée de l’Abondance) « Le Carlina » հանգստավայր-ճամբարին մէջ։ Հիներ եւ նորեր վերակենդանացուցած են Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եօթը տարի առաջ ծնունդ տուած ճամբարը։ 

Անցեալի նման, աշխատանոցները բազմատեսակ են, ոչ միշտ նոյն բովանդակութեամբ։ Խումբերը բազմազան են, փոփոխական՝ յաճախ ըստ տարիքի եւ երբեմն ալ ըստ հետաքրքրութեան։ Մասնակիցները մեղուներու պէս աշխատունակ են։ Ժամը անգամ մը կը տեղափոխուին մէկ վայրէն միւսը։ Կը բաժնուին վերակազմուելու համար։ Ամպերու նման անզգալիօրէն կը տարածուին ու յանկարծ նոր խումբեր կը կազմեն։ 

Այս է պատկերը առտուան 9-էն մինչեւ 18, համեմուած հաւաքական հանդիպումներով, մանաւանդ երեկոյեան ճաշէն ետք, երբ կ՚ունկնդրուի մասնակիցներուն պատրաստած ձայնասփիւռի յայտագիրը՝ «Զարմանաձայն»-ը, կամ կը ցուցադրուին պատրաստուած կարճ տեսանիւթեր, յանկարծաբանութիւններ, երգ ու պար, կամ կը կազմակերպուին հաւաքական խաղեր։ Կայ նաեւ յատուկ տեղական անուանումով «Պայթոցարան»-ը, ուր կը ներկայացուին օրուան աշխատանքներուն անդրադարձը եւ գեղարուեստական ծրագրերը։ 

Ճամբարին մասնակիցները՝ ուղեկիցներ, ուսուցիչներ, խոհարարներ, վարչական պատասխանատուներ… Շուրջ 100 հոգի՝ պատանի, երիտասարդ, չափահաս, տարեց եւ մանուկ, աշխարհի չորս ծագերէն «Զարմանազան» հասած, մօտ ամիս մը, տուն-տեղ, ծնող-ընկեր, խաղ-զբաղում թողած, ժամանակաւորապէս Սփիւռքի մէկ ափէն այլ ափ մը տեղափոխուած, կը հաւաքուին ապրելու հայկական առօրեայով ճոխ ստեղծագործական մթնոլորտներ, ուր արեւմտահայերէնը հասարակաց լեզուն է։ 

Արժանթինեան, ամերիկեան, ֆրանսական, յունական, թրքական, սուրիական, լիբանանեան մշակոյթները ենթագիտակցաբար կը մասնակցին երեւան բերելու այս բոլորը իրար միացնող, այս զարմանազանութիւնը ստեղծող անդրազգային հայկականը, որ յաճախ այս մանուկներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն մեծամասնութեան առօրեային մէջ կը մնայ թաքնուած, մոռցուած, անտեսուած, չճանչցուած, անյայտ կամ մերժուած։ «Զարմանազան»-ը կը ստեղծէ հայերէնը իւրացնելու մագնիսական դաշտ մը, ազատ, անկաշկանդ, խանդավառ, ընկերային, միջսերնդային…

Որքա՜ն մարդկային ներուժ, մտածում, փորձառութիւն եւ նախապատրաստութիւն, որքա՜ն ժամեր կազմակերպելու համար այս բոլորը, հասարակաց լեզու մը գտնելու, որ բոլորին համար հասկնալի ու մատչելի ըլլայ, ուր իւրաքանչիւրը ինքն իր տեղը գտնէ, առանց կաղապարուած ծիսականութեան, գործածելով մարմնային, մտային ստեղծագործական բոլոր հմտութիւնները։ Հասարակ մարմնամարզութենէն սկսեալ, հասնելով եոկայի, քափուէյրայի, անցնելով զումպայէն հայկական երգ ու պարի, ձեռային բազմազան աշխատանքներու՝ կարէն սկսեալ, գունաւոր թելի, մետաղէ թելի եւ փայտի կտորներով զարդանախշեր կազմելու, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, փայտագործութիւն… 

Առօրեան լեցուն է, նորարար տեսալսողական միջոցներու գործածութեամբ, որոնք օրը-օրին տաք հացի նման կը շաղուին, կը պատրաստուին ու կը հրամցուին մասնակիցներուն։ Գրագիտութիւնը, գրականութիւնը, ստեղծարար գրութեան աշխատանոցները կը հրամցուին աւելի բարձր տարիքի պատանիներուն եւ «չափա»-ներուն (այսինքն՝ չափահասներուն)։ 

Ուսանող-ուսուցիչներուն խումբը ունի իրեն յատուկ ծրագիրը, մշակուած՝ Ինալքոյի (Փարիզի Արեւելեան լեզուներու համալսարան) Հայկական բաժինի տնօրէնութեան կողմէ, որ կը մղէ ստեղծարար ու նորարական դաստիարակչական ծրագրերը իւրացնելու, զանոնք մասնակից ուսուցիչներուն փոխանցելու եւ կիրարկելու։ Ուսուցիչներուն առիթ կը տրուի նաեւ որպէս դիտորդ հետեւելու կարգ մը աշխատանոցներու, նորարար գաղափարներու կիրարկումի փորձառութիւնը ապրելու, դիտարկումներ եւ հարցադրումներ կատարելով իրենց ուսումնական ծրագիրը ամբողջացնելու։ 

Ամռան, զանազան ճամբարներ կը կազմակերպուին հայ համայնքի կարգ մը կրօնական, կրթական, երիտասարդական եւ սկաուտական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Բոլորն ալ ունին զանազան աստիճանի հայկական դաստիարակչական բնոյթ։ «Զարմանազան»-ը կը յատկանշուի արեւմտահայերէն լեզուի իւրացումի մշակութային ու ստեղծագործական աշխատանոցներով։  

Ժ.Չ. ■