Երկար սպասումներէ ետք հայերէն լեզուի հանրածանօթ «Զարմանազան» ճամբարը հասաւ Քալիֆորնիա եւ սկսաւ իր աշխատանքները, Քալիֆոնիոյ Ֆրէյժըր անտառէն ներս։
Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը գործակցաբար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ, հիմը դրաւ «Զարմանազան -Քալիֆորնիա»-ին, որ հայերէն լեզուն հայ պատանիներուն մէջ աշխուժացնելու եւ առօրեայ ազատ ու անկաշկանդ գործածութեան առիթ ընծայելու հանգիստ միջավայր մըն է։
Երեսուն պատանիներ-պարմանուհիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն քով-քովի հաւաքուած են 21 օրեր ապրելու եւ ստեղծագործելու միայն հայերէն լեզուով։ 10-17 տարեկան մասնակիցներ հայկական գիւղի մը մէջ ապրելու հաճոյքը եւ փորձառութիւնը կը վայելեն «Զարմանազան» ճամբարէն ներս։ Անոնք իրենց մանկական-պատանեկան քաղցր յիշողութեամբ կ՚ապրին հաճոյք մը, որուն մասին իրենց անկաշկանդ խօսքերով առաջին իսկ օրերէն կը վկայեն ըսելով. “Չեմ ուզեր «Զարմանազան»-ը վերջանայ”, կամ՝ “հիմա պիտի քնանամ եւ երազիս մէջ այսօր բոլոր եղածները նորէն պիտի տեսնեմ, որովհետեւ այսօր շատ աղուոր օր մըն էր”։
Սփիւռքի մէջ ապրելով, մենք մեր առօրեան շատ յաճախ կը վարենք տեղական տիրող լեզուով՝ լիիրաւ ապրելու եւ գոյատեւելու համար մեր ոտքը դրած միջավայրին ու հողին վրայ։ Այս իրականութիւնը սակայն, ակամայ մեզ զրկած է բազմաթիւ անհրաժեշտ բառերու առօրեայ գործածութենէն, որոնց կարիքը չենք զգար մեր մասնագիտական կամ սովորական յարաբերութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար «Զարմանազան»-ը կը միտի հայերէնին՝ իր հարուստ բառամթերքով կեանք տալ, մշտական գործածութեան բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները ստեղծել, որ հայ պատանիները սկսին իրենց լեզուն գործածել ու անով աւելի ինքնավստահ ապրին ու ստեղծագործեն։ Հեշտ չէ խօսքով՝ հայ լեզուի գործածութեան դիմաց մեր առօրեայ պայմաններէն բխելով՝ մե՛ր իսկ ստեղծած պատերը վար առնելը։
Սփիւռքը ունի իւրայատուկ խճանկար մը, այդ խճանկարին մէջ մենք կրնանք մեր ինքնութեան խարիսխներն ու հիմնաքարերը ամրապնդել։ Իսկ լեզուն ինքնութեան հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որուն զանգուածային ու յարատեւ գործածութիւնը կը նպաստէ անոր փայլքին, այժմէականութեան եւ ստեղծագործական լեզու մը դառնալուն։
«Զարմանազան» հայերէն լեզուի ճամբարը 2017 թուականէն ի վեր կը գործէ Ֆրանսայի մէջ։ Ան զուտ հայախօս ճամբար է, որ ստեղծագործական ազատ միջավայրի մէջ լեզուն կ՚ապրեցնէ ու բնականօրէն անկաշկանդ գործածելու առիթներ կը ստեղծէ։ Հետեւաբար ան էական կը համարուի սփիւռքի մէջ, որովհետեւ գաղութներէն հետզհետէ կը նօսրանան հայախօս սերունդները։
Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը չորս տարիէ ի վեր հայրենախօսութեան արշաւը առաջ կը տանի Քալիֆորնիոյ տարածքին։ Այդ արշաւը սկսաւ ազգային վարժարաններէն՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու նորարարական դասընթացքներու կազմակերպումով։ Իրականութիւն է այսօր Քալիֆորնիոյ հայ գաղութի տիրական ներկայութիւնը եւ ազգային աշխուժութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին, յիշելով որ դպրոցական ցանցը այստեղ՝ ըլլա՛յ ամէնօրեայ կամ միօրեայ, ամէնէն հսկան է ներկայիս հայ իրականութեան մէջ, Հետեւաբար կարեւոր է ստեղծել այն միջավայրը, ուր հայերէնը պիտի ծաղկի ո՛չ միայն գրական մակարդակով եւ պաշտօնական կամ յատուկ խաւի, սերունդի, կամ լոկ դասարապահի միջավայրի մը համար, այլեւ առօրեայ կեանքի, ապրելու եւ հաղորդակցութեան միջոց դարձնելու։
Այս մէկը ի միտի ունենալով՝ Խնամակալ մարմինը իր առաջնահերթ նպատակը համարեց հայերէնը պահպանելու լոզունգները կեանքի կոչելն ու գործնական ծրագրերով զանոնք կիրարկելը։ Առաջին հերթին ազգային մանկամսուրներէն ներս սկսաւ իրագործել ամբողջական հայկական ծրագիր։ Կազմակերպեց մանկամսուրներու ուսուցիչներու վերապատրաստում եւ նոր դասածրագրի գործադրութեան սեմինարներ, վստահ ըլլալու համար, որ որդեգրուելիք ծրագիրը մատչելի ըլլայ ու հասկնալի՝ բոլոր մանկավարժ դաստիարակներուն համար։ Ապա հայերէն լեզուի դասաւանդման նորարարական մեթոտներու երկարամեայ առցանց վերպատրաստութեան ծրագրերու համար սկսաւ գործակցիլ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ «Ուս հարթակ»-ի միջոցաւ։ Իսկ արտադասարանային պահերուն եւ գաղութի մանուկներուն ու պատանիներուն մէջ հայերէն լեզուի գործածութիւնը զարգացնելու եւ տարածելու համար երկար պրպտումներէ ետք յայտնաբերեց Ֆրանսայի մէջ իրականացուող «Զարմանազան» ճամբարը։ Յարմար նկատեց զայն բերել ու իրականացնել Քալիֆոնիոյ մէջ նոյնպէս գործակցելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ եւ անոնց փորձառութենէն օգտուելով՝ ծրագիրը յարմարցնել Քալիֆորնիոյ եւ առհասարակ Ամերիկայի տեղական պայմաններուն եւ կարգավիճակին։
«Զարմանազան» ծրագիրը ինքնանպատակ ճամբար մը չէ, այլ անոր արմատները կը հասնին հայ մշակոյթի եւ բանահիւսութեան խորունկ եւ հարուստ գանձերուն, որպէսզի նորարարական եւ հարազատ ձեւով ճիւղաւորուին նոր սերունդին մէջ ծաղկեցնելու համար հայ կեանքը, պատրաստելու հայ մշակոյթի ապագայ պահապանները, որոնք սփիւռքի մէջ անվարան պիտի ստեղծագործեն հայերէնով, իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ մնալով գործուն եւ կայուն։ Մէկ խօսքով հայ գաղութներուն մէջ հայերէն լեզուն ապրեցնելով, հայերէնով մշակոյթ ստեղծելու էական աշխատանքին հունտերը կը ցանուին «Զարմանազան»-էն ներս։
Կարեւոր իրագործում եւ Քալիֆորնիոյ հայ կեանքէն ներս ստեղծագործական եւ մարտահրաւէր կարդացող աշխատանք կը համարենք այս մէկը։ Սիրով ստանձնած ենք այս պատասխանատւութիւնը քաջ գիտակցելով, որ անոր արդիւնքը իր դրական ալեկոծումով պիտի համակէ բոլոր մասնակից պատանիներուն հոգիները, հայերէնով ստեղծագործելու հունտերը ցանելով ապագայ խոստացող եւ հայ մշակոյթը տարածելու ատակ հայ պատանիներուն մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Հայերէնի ծաղկումի ներշնչանքով կը շարունակուին մեր աշխատանքային քսանմէկ օրերը, իսկ յաջորդին մեր գաղութը կը տեղեկացնենք տարուող աշխատանքներուն եւ անոնց արձագանգներուն մասին։ Այս առիթով նաեւ յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ «Զարմանազան» Ֆրանսային, որ իր աշխատնքները պիտի սկսի Յուլիսի առաջին շաբաթը Ալպեան լեռներուն վրայ։
Թամար Թիւֆէնկճեան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։