Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի ներկայացուցիչները մասնակցած են «ԱՊՀ-ի երկիրներու համաշխարհային ժառանգութիւն» խորագրեալ 9-րդ միջազգային առցանց համագումարին, որ կազմակերպուած է Ռուսաստանի «Լիխաչով» մշակութային եւ բնութեան ժառանգութեան գիտահետազօտական հիմնարկին կողմէ։
Գիտաշխատող Մարիամ Շահմուրադեան զեկուցած է «Հայաստանի վիշապաքարերը եւ անոնց ուղին դէպի համաշխարհային ժառանգութիւն» բնաբանով նիւթը։
Համագումարի մասնակիցները մեծապէս հետաքրքրած է Հայաստանի վիշապաքարերուն մշակութային ժառանգութեան ինքնատիպ եւ աննման յուշարձան ըլլալու հանգամանքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։