Search
Close this search box.

Զուիցերիա 1,5 միլիոն զուիցերական ֆրանք պիտի յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն օժանդակող մարդասիրական կազմակերպութիւններուն

Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ.

«Մէկ շաբթուան մէջ աւելի քան 100.000 հոգի Լեռնային Ղարաբաղէն փախած է Հայաստան՝ ապահովութիւն, սնունդ, ապաստան եւ հետագային ապրուստի միջոցներ գտնելու համար։ Միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը այդ մարդոց օժանդակելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս ձմռան նախօրեակին:

Ծայրայեղ այս կացութեան արձագանգելու նպատակով Զուիցերիա  1,5 միլիոն զուիցերական ֆրանք յատկացնելու նախնական որոշում կայացուցած է՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական գործողութիւններուն համակողմանի աջակցելու համար։ Երեք առանցքային դերակատարներու՝ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրին (PAM, Programme Alimentaire Mondial), ՄԱԿ-ի Գաղթականներու օգնութեան ծրագրին (RRP)   եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (CICR) միջեւ հաւասարապէս  բաշխուած (իւրաքանչիւրին՝ 500.000) միջոցները պիտի ուղղուին գաղթականներու կենսական կարիքները բաւարարելու նպատակին»։