Search
Close this search box.

«Էրեբունի-Երեւան 2806»-ի տօնակատարութիւնը

 

Հոկտեմբեր 13-ին, Երեւանի 2806-ամեակի տօնակատարութիւնը ծայր առած է Հրազդանի կիրճին մէջ կազմակերպուած «TriFest» մարզական փառատօնով։ Իսկ երեկոյեան, օրուան ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկները ամփոփուած են Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգով։ Հրապարակը յորդած է մայրաքաղաքին տօնը վայելող երեւանցիներով ու հիւրերով։

Բեմին վրայ սիրուած երգիչներ հանդէս եկած են երաժշտական կատարումներով, Իսկ Տիգրան Համասեանի ելոյթը մեծապէս խանդավառած է հանդիսականները։