Դեկտեմբեր 13-ին, Սաքարիա քաղաքին մէջ կուսակցական հաւաքի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. “Եթէ Առաջին աշխարհամարտէն յետոյ, երբ սահմաններու վերանայում տեղի ունեցաւ, հանգամանքները այլ կերպ դասաւորուէին, ապա այն քաղաքները, որոնք մենք այսօր կը կոչենք Հալէպ, Համա, Իտլիպ, Դամասկոս կամ Ռաքքա, կրնային մեր երկրին գաւառները ըլլալ, ինչպէս այսօր Հաթայը, Անթեպը կամ Ուրֆան”։
Բացատրելով Անգարայի աշխուժ ներգրաւումը սուրիական զարգացումներուն՝ Էրտողան ըսած է․ “Մենք չէինք կրնար ամբողջութեամբ խզել կապերը այդ տարածքներուն մէջ մնացած մեր ազգակիցներուն հետ միայն այն պատճառով, որ այդ քաղաքները մեր սահմաններէն դուրս կը գտնուէին”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։