Search
Close this search box.

Էրտողան. «Ֆրանսա վնաս կը հասցնէ Հայաստանին»

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Աթէնքէն վերադարձի ճամբուն վրայ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ «լոկ գրգռութիւն» անուանած է Ֆրանսայի՝ Հայաստան զրահակառքեր ուղարկելը:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան՝ ան նշած է. “Ֆրանսա պէտք է իմանայ, որ այդպէսով ոչ թէ կ՚օգնէ, այլ վնաս կը հասցնէ Հայաստանին։ Ֆրանսա նախապէս ալ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին։ Ի՞նչ արդիւնք տուաւ։։ Այդ երկիրը Մինսքի խումբի անդամ է, բայց անոր աշխատանքը աւարտած է, արդիւնք չկայ։ Զրահակառքեր ուղարկելը օգուտ չունի, որովհետեւ հիմա կայ Ազերպայճան մը, որ վերջ տուած է «իր տարածքներու բռնագրաւման» (ընդգծումը՝ «ՆՅ»)։ Ղարաբաղի արդիւնքը մեր աչքին առջեւ է։ Նախապէս Հայաստան ուղարկուած հրասայլերն ու հրացանները ինկան Ազերպայճանի ձեռքը։ Անոնք ուղղակի կը խաբեն Հայաստանը: Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է դասեր քաղեն իրենց վերջին փորձառութենէն եւ չենթարկուին այդ գրգռութիւններուն”,– նշած է Թուրքիոյ նախագահը, ընդգծելով, թէ «Հայաստանի շահերէն կը բխի օգտուիլ խաղաղութեան հաստատման կարելիութենէն եւ չիյնալ այն երկիրներու թակարդը, որոնք կ՚ապակողմնորոշեն զինք»։

Էրտողանի համաձայն՝ «Ազերպայճանի հետ խաղաղ յարաբերութիւնները Հայաստանի համար լաւագոյն տարբերակն են։ Այն երկիրները, որոնք կը զինեն Հայաստանը, շուտով զայն առանձին պիտի ձգեն»։

 

Էրտողան՝ ԱՄՆ-ին. «Եթէ դուք ունիք ձեր Գոնկրէսը, ես ալ ունիմ իմ խորհրդարանը»

Նոյն առիթով, ան լրագրողներուն ըսած է, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը չի վաւերացներ ՕԹԱՆ-ին Շուէտի անդամակցութեան արձանագրութիւնը, քանի տակաւին ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը չէ հաստատած Անգարային 40 միաւոր F-16 կործանիչ վաճառելու գործարքը։

“Եթէ դուք ունիք ձեր Գոնկրէսը, ես ալ ունիմ իմ խորհրդարանը”,– ըստ Hürriyet Daily News-ի՝ յայտնած է ան։