Search
Close this search box.

Ըստ Ալիեւի՝ լարումին ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը

 

Ազերպայճանի նախագահը Սեպտեմբեր 13-ին խորհրդակցած է զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին տիրող կացութիւնը քննարկելու նպատակով:

Նախագահական գրասենեակին հաղորդման համաձայն՝ խորհրդակցութեան,– որուն մասնակցած է նաեւ Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով,– Ալիեւին զեկուցած են թէ՝ «երկու երկիրներու սահմանին հայկական զինուած ուժերու գրգռութիւնները կասեցուած են, բոլոր յանձնարարութիւններն ալ կատարուած են»:

Ընդգծուած է, որ «յառաջացած լարումին ամբողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը»: