Search
Close this search box.

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի՝ Ազերպայճան պաշտօնապէս ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները։ 

Նախարար Միրզոյեան դեսպաններուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին օրերուն Արցախի մէջ Ազերպայճանի գրգռիչ եւ յարձակողական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վրայ: Ան նշած է, որ ազերպայճանական բանակը, անգամ մը եւս խախտելով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի դադրեցման մասին 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, յարձակման ձեռնարկած է ռուսական խաղաղապահ զօրքերու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ, որու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի 19 զինուոր վիրաւորուած է, երկու ուրիշներ ալ՝ նահատակուած: 

Միրզոյեան առանձնապէս ընդգծած է, որ ազերպայճանական կողմը պաշտօնապէս եւ անթաքոյց կերպով ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը, որուն վառ ապացոյցն են Ազերպայճանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն յայտարարութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու կողմէ արձանագրուած խախտումները:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Ազերպայճանի նախաձեռնած յարձակման նախորդած էր Լաչինի միջանցքի նկատմամբ վերահսկողութեան փոխանցման վերաբերեալ՝ ռուսական խաղաղապահ անձնակազմին ներկայացուած նամակը, որու համաձայն՝ ազերպայճանական կողմը կը նախատեսէ փոփոխել ներկայիս գործող Լաչինի միջանցքէն անցնող երթուղին, ինչ որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է, քանի՝ յայտարարութեան 6-րդ կէտը յստակ կը սահմանէ, որ կողմերու (այսինքն՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի) համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին պէտք է որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքէն երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, մինչդեռ եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նման ծրագիր դեռ չկայ:

Արարատ Միրզոյեան նաեւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ հայկական կողմի ջանքերուն Ազերպայճանի իշխանութիւնները կը պատասխանեն հայատեաց հռետորաբանութեամբ, յարձակողական յայտարարութիւններով, ուժի կիրարկման անթաքոյց սպառնալիքներով։ Ան, անընդունելի համարած է ազերպայճանական կողմի՝ Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութիւնը: 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած եւ դեռ չլուծուած մարդասիրական խնդիրներուն, շեշտելով որ՝ ազերպայճանական կողմը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները խախտելով կը շարունակէ պատանդ պահել հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձեր:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ լիազօրուած միակ միջազգային ձեւաչափին՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան իրաւասութեան ներքոյ: 

Ընդգծուած է նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու հայկական կողմի օրակարգին աջակցելու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան համակարգուած եւ միահամուռ օժանդակութիւնը: