Ըստ Լուքաշենքոյի՝ Փաշինեան վտանգաւոր խաղ կը խաղայ Եւրոպայի հետ եւ պիտի կործանէ երկիրը

Տարածաշրջանի մէկ այլ բռնապետ՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, որ Յունուար 26-ի ընտրութիւններուն իբրեւ թէ Պելառուսի նախագահ վերընտրուեցաւ ձայներու 87,6%-ով՝ յայտարարած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը իրմէ նեղուած է, որովհետեւ ժամանակին ինք աջակցած է Ազերպայճանին: Ըստ անոր՝ ինք միշտ «ջանացած է, որ պատերազմ չըլլայ եւ այն ատեն Ազերպայճանի ղեկավարը «իրապաշտ դիրքորոշում ունէր»:

“Տեղի ունեցածին մեղաւորը մի՛այն ու միայն Հայաստանի ղեկավարութիւնն է”,– ըսած է ան`աւելցնելով, որ զինք ու Փութինը զարմացուցած է վարչապետ Փաշինեանի՝ Լեռնային Ղարաբաղը Ազերպայճանի տարածք ճանչցող յայտարարութիւնը:

Շարունակելով քննադատութիւնները` Լուքաշենքօ յայտարարած է, թէ Փաշինեան «սիրախաղի սկսած է Եւրոպական Միութեան հետ», ինչ որ, ըստ անոր՝ «Հայաստանը պիտի առաջնորդէ կործանման»:

“Վտանգաւոր խաղ է: Ան Հայաստանը պիտի կործանէ: Սանձեցէք զայն”,– ըսած է Լուքաշենքօ, որ միաժամանակ չէ հերքած, թէ իր երկիրը Ազէրպայճանին զէնք վաճառած է՝ ընդգծելով, որ իրենք բաց եղած են նաեւ Հայաստանի համար:

“Այն որ դրամ կը վճարէ՝ ապրանք կը ստանայ”,– ըսած է ան։

Յիշեցնենք, թէ երբ Լուքաշենքօ պաշտպանած էր Արցախի վրայ Ազերպայճանի յարձակումը, Փաշինեան յայտարարած էր, թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ ոեւէ հայ պաշտօնատար Պելառուս պիտի այցելէ այնքան ատեն, որ երկրին նախագահը Լուքաշենքօն է։