Search
Close this search box.

Ըստ Ռուսաստանի՝ Ֆրանսայի հետ ռազմական համագործակցութիւնը չի համապատասխաներ Հայաստանի շահերուն

 

Ռուս Արտաքին գործոց փոխնախարարին մեկնաբանութիւնը

Ռու­սաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խարար Մի­խայիլ Կա­լու­զին մեկ­նա­բանե­լով Փա­րիզի ու Երե­ւանի մի­ջեւ ռազ­մա­կան հա­մագոր­ծակցու­թեան ամ­րապնդու­մը՝ «ՌԻԱ Նո­վոս­թի»-ին յայ­տա­րարած է, թէ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Արեւ­մուտքի օրա­կար­գը միշտ չէ, որ կը հա­մապա­տաս­խա­նէ տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րու շա­հերուն։ 

“Ար­տա­տարա­ծաշրջա­նային եր­կիրնե­րը Հա­րաւա­յին Կով­կաս կ՚եր­թան իրենց օրա­կար­գով, որ մեղմ ըսած՝ միշտ չէ, որ կը հա­մապա­տաս­խա­նէ տա­րածաշրջա­նային եր­կիրնե­րու շա­հերուն։ Այ­սօր արեւմտեան եր­կիրնե­րը կ՚ուղղուին դէ­պի Հա­րաւա­յին Կով­կաս՝ հա­կառու­սա­կան բա­ցայայտ առ­ճա­կատ­ման օրա­կար­գով։ Մենք հա­մոզուած ենք, որ այդ չի նպաս­տեր Անդրկով­կա­սի մէջ կա­յու­նութեան ու անվտան­գութեան”,– ըսած է Կա­լու­զին։ Ան նաեւ նշած է, թէ Մոս­կուայի կար­ծի­քով՝ «տա­րածաշրջա­նային անվտան­գութիւ­նը կրնայ առա­ւելա­գոյնս ար­դիւնա­ւէտ կեր­պով ապա­հովուիլ տա­րածաշրջա­նի պե­տու­թիւննե­րու ջան­քե­րով»։ “Մենք կողմնա­կից ենք տա­րածաշրջա­նային պա­տաս­խա­նատ­ւութեան թէ՛ անվտան­գութեան ապա­հով­ման, թէ՛ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ եւ այլ տա­րածաշրջան­նե­րու մէջ տնտե­սական հա­մարկման առու­մով”,– աւել­ցուցած է Ռու­սաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խարա­րը։ 

Նշենք, թէ Կա­լու­զին նա­խապէս ալ յայ­տա­րարած էր, թէ ֆրան­սա­կան ինքնագ­նաց հրե­տանա­յին CAESAR 155 մի­լիմեթրնոց հա­մակար­գե­րու մա­տակա­րարու­մը Հա­յաս­տա­նին կրնայ յան­գեցնել իրա­վիճա­կի վատ­թա­րացման։ ■