«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ վարչապետ Փաշինեան յայտնած է այն համոզումը, թէ եթե Հայաստան չըլլար ժողովրդավարական երկիր, այս պահուն որպէս անկախ պետութիւն գոյութիւն չէր ունենար։ Ըստ անոր՝ երկիրը վերջին տարիներուն բարդ իրադարձութիւններու ընդմէջէն անցաւ եւ յաղթահարեց զանոնք՝ շնորհիւ ժողովրդավարութեան։
Այս մասին ան նշած է Յուլիս 1-ին, Ժողովրդավարութեան հայկական 3-րդ ֆորումին ունեցած իր ելոյթին՝ անդրադառնալով հարցումին, թէ ինչպիսի՞ ժողովրդավարութիւն կը փափաքի տեսնել Հայաստանի մէջ։
“Ուզում եմ տեսնել ինստիտուցիոնալ ժողովրդավարութիւն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իմ համոզմունքն այս 6 տարիների փորձից հետեւեալն է, որ այն բոլոր փոփոխութիւնները, որ հնարաւոր էր Հայաստանում իրականացնել միայն քաղաքական կամքի շնորհիւ, արուած են: Այսօր էլ մենք ունենք քաղաքական կամք այդ բարեփոխումները շարունակելու: Բայց մենք կը տեսնենք, որ 2018-2019 թթ. փոփոխութիւնների այդ մեծ ընթացքը մի պահ դանդաղեց, նուազեց եւ հիմա անբաւարարուածութեան զգացումն այդ փոփոխութիւնների օրակարգի, բարեփոխումների օրակարգի իրականացումից աւելի շատ է, քան բաւարարուածութիւնը”,– նշած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ այդ հարցին մէջ միայն ցանկութիւնը բաւարար չէ:
Ան ընդգծած է, որ այդ ցանկութիւնը աւելի մեծ դարձած է այսօր, որովհետեւ տեսանելի են ժողովրդավարութեան օգուտները, նաեւ հետեւեալ տրամաբանութեամբ, որ ժողովրդավարութիւնը ի վերջոյ պետութեան եւ հանրութեան դիմադրողականութիւնը կ՚ամրապնդէ։
Վարչապետը շեշտած է, որ անընդհատ կ՚ըսուի ու կը կրկնուի այն տեսակէտը, թէ Հայաստան դժուար ժամանակներ կ՚ապրի, ինչ որ ճիշդ է, բայց չեն հարցներ՝ այդ դժուար ժամանակներու ընդմէջէն ինչպէ՞ս եւ ինչի՞ շնորհիւ կը յաջողի անցնիլ երկիրը: Ան համոզուած է, որ Հայաստան այդ ամէնուն ընդմէջէն կը յաջողի անցնիլ ժողովրդավարութեան շնորհիւ։
“Եթէ մենք չլինէինք ժողովրդավարական երկիր, ես ձեզ վստահեցնում եմ՝ այսօր մենք անկախ պետութիւն չէինք ունենայ: Բայց, հետեւաբար, մենք պէտք է արձանագրենք նաեւ, որ այն ինչ հնարաւոր էր անել քաղաքական կամքի շնորհիւ, արդէն տեղի է ունեցել եւ աւարտուել է եւ մեզ պէտք են արդէն ինստիտուցիոնալ լուծումներ”,– իր խօսքին մէջ նշած է վարչապետը։
***
«ՆՅ» – Հայաստանի վարչապետին եւ պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք «ինստիտուցիոնալ ժողովրդավարութիւն» տարազին։
Սակայն, ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ սա։
«Ինստիտուցիոնալ ժողովրդավարութիւն»-ը՝ քերականական դիւրաւ ենթադրելի տարանջատումով՝ «ինստիտուցիոն»-ներու (պետութեան բաղկացուցիչ հիմնական հաստատութիւններու) ժողովրդավարութիւնն է։ Իսկ այդ հաստատութիւնները թիւով երեք են՝
– գործադիր իշխանութիւնը, որ կը գործադրէ օրէնքները եւ կը վարէ ազգային քաղաքականութիւնը,
– օրէնսդիր իշխանութիւնը, որ կը մշակէ եւ կ՚ընդունի օրէնքները, բայց նաեւ կը վերահսկէ գործադիր իշխանութեան,
– արդարադատական իշխանութիւնը, որ կը վերահսկէ օրէնքներու յարգումին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։