Search
Close this search box.

Թել-Ավիվ – Երեւան յատուկ թռիչքով Իսրայէլէն Հայաստան փոխադրուած են 149 Հայեր եւ Հայաստանի քաղաքացիներ

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ Հոկտեմբեր 16-ին, Հայաստանի կառավարութեան կազմակերպած Թել-Ավիվ – Երեւան յատուկ թռիչքով Իսրայէլէն Հայաստան փոխադրուած են 149 Հայեր եւ Հայաստանի քաղաքացիներ:

Նախնական տուեալներով՝ Իսրայէլէն մեկնելու փափաք յայտնած էր 190 հոգի, սակայն զանազան պատճառներով անոնցմէ 149-ը ներկայացած է օդակայան եւ փոխադրուած՝ Հայաստան։

Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան լրագրողներու հետ ասուլիսին տեղեկացուցած է, թէ անհրաժեշտ պարագային Կառավարութիւնը թռիչք մը եւս պիտի կազմակերպէ մնացեալ անձերն ալ Հայաստան հասցնելու համար։