Շարժարուեստի և գիտութիւններու ամերիկեան ակադեմիան Թենի Մելիտոնեանը նշանակած է «Օսքար»-ի գլխաւոր տնօրէնուհի, որ նորաստեղծ պաշտօն մըն է։ Լուրը կը հաղորդէ Ակադեմիայի գործադիր տնօրէն Պիլ Քրամըր։
Հայուհին պիտի ղեկավարէ «Օսքար»-ի ռազմավարութիւնը, տաղանդներու հետ կապերը, յատուկ ձեռնարկները, մրցանակաբաշխութեան բոլոր ծրագրերու եւ միջոցառումներու արտադրական խումբերը։ Ան սերտօրէն պիտի աշխատակցի արտադրողներու եւ հաղորդավարներու, Disney/ABC-ի եւ Ակադեմիայի ղեկավարութեան, ներառեալ՝ Կառավարիչներու խորհուրդին եւ անոր յանձնաժողովներուն հետ, ինչպէս նաև պիտի համակարգէ այն խումբերու աշխատանքը, որոնք ներգրաւուած են «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան արարողութեան մշակման ու կազմակերպման եւ զանոնք միջազգային լայն լսարանին ներկայացնելու գործին մէջ:
Պիլ Քրամըր բարձր գնահատելով Մելիտոնեանի փորձառութիւնը, ընդգծած է սոյն պաշտօնին կարեւորութիւնը, յատկապէս՝ «Օսքար»-ի 100-րդ մրցանակաբաշխութեան ընդառաջ։
Մելիտոնեան աշխատանքի ասպարէզ մտած է 2005-ին գովազդերու կալուածին մէջ, ուր յառաջդիմելով դարձած է կապի եւ գովազդի ղեկավար, մասնագիտանալով՝ ապրանքանիշերու ռազմավարութեան ու շուկայնացման մէջ: Աշխատակցած է նաեւ Հայաստանի Ուաշինկթընի դեսպանութեան հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։