Search
Close this search box.

ԹԻՖԼԻՍ – Միրզոյեան. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու պահը հասած է»

 

Յուլիս 3-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Վրաստանի իր պաշտօնակցին հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ի միջի այլոց յայտարարած է, թէ «Հայաստան պատրաստ է վերականգնելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ»։

Ան ընդգծած է, թէ Հայաստան առողջ երկխօսութիւն կը վարէ Թուրքիոյ հետ եւ այժմ հասած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հիմքը դնելու ժամանակը։