Search
Close this search box.

Թոյվօ Քլաար. «Հայերու Ղարաբաղ վերադարձի հարցը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մաս պէտք է կազմէ»

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար,– որու պաշտօնավարման շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին,– jam-news.net-ին տուած հարցազրոյցին անդրադառնալով տարածաշրջանի կնճռոտ հարցերուն մասնաւորապէս նշած է հետեւեալը.

“Կը յուսամ, որ թշնամութեան եւ բռնութեան էջը մէկ անգամ ընդմիշտ կը փակուի՝ ի շահ տարածաշրջանի բնակչութեան բոլոր խաւերուն, ներառեալ՝ Ղարաբաղի հայութեան։ ԵՄ-ը շատ յստակ արտայայտուած է այս հարցին շուրջ. ղարաբաղցի հայերու վերադարձի հարցը կարգաւորման հոլովոյթին մաս պէտք է կազմէ։ Կ՚անկալեմ, որ Պաքուի եւ անոնց (արցախահայութեան – խմբ.) միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ իրենց հայրենի շրջան անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին մասին։ Ազերպայճան այս առումով պարտաւորութիւններ ունի, որ ինծի կը թուի թէ չի հերքեր։ Յամենայն դէպս պայմանները պէտք է ստեղծուին ու համաձայնեցուին փոխադարձ յարգանքով եւ երկխօսութեան ճամբով:

Երբեմն այս համածիրին մէջ կ՚արծարծուին այլ հարցեր եւս, ներառեալ՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի հարցը, սակայն ինծի համար անոնք բոլորովին տարբեր հարցեր են եւ չեն կրնար մէկ հարթակի վրայ դրուիլ։

(…) Առաջինը՝ նպաստելն է ղարաբաղցի հայերու իրենց պապենական օճախներ վերադարձին, որ Ազերպայճանի պարտաւորութիւնն է։ Երկրորդը այն հայերու հարցն է, որոնք անցեալին ապրած են Ազերպայճանի այլ շրջաններուն մէջ, ներառեալ՝ Պաքուի, կամ ազերպայճանցիներու, որոնք նախապէս ապրած են Հայաստանի մէջ։ Բնականաբար, անոնք նոյնպէս պէտք է կարողանան այցելել այն վայրերը, ուր ապրած են, կամ նոյնիսկ վերադառնան այնտեղ։

(…) Ես խորապէս համոզուած եմ, որ բոլոր բանտարկեալներու ազատ արձակումը, ծանր վիճակի մէջ գտնուող բոլոր կողմերու լաւ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ականազերծման աշխատանքները վճռորոշ տարրեր են մնայուն խաղաղութեան եւ վերջնապէս թշնամութեան էջը փակելու համար։

Ես տխուր եմ, որ մենք տակաւին չենք կրցած յառաջանալ այս հարցերուն շուրջ: Վստահ եմ, որ անոնք կը մնան առանցքային խնդիրներ իմ իրաւայաջորդին համար”։

Պաքու կողմնակալ կ՚որակէ Քլաարի յայտարարութիւնները՝ յատկապէս Արցախահայութեան վերադարձի առնչութեամբ

Պաքու հակադարձած է Քլաարի հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած որոշ յայտարարութիւններու՝ մասնաւորապէս արցախահայութեան վերադարձի կապակցութեամբ եւ զանոնք որակած «կողմնակալ, հարուած՝ Քլաարի ներկայացուցած կառոյցի հեղինակութեան»:

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վասիֆ Ալիեւ, հակադարձելով Քլաարին ըսած է, թէ «Հայաստանի պարտաւորութիւնն է ստեղծել համապատասխան պայմաններ Հայաստանէն վտարուած ազերպայճանցիներու՝ հայրենի հողեր անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին համար եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է պահանջէ այդ պարտաւորութեան գործադրումը»։

Ալիեւ նաեւ նշած է, թէ «ազերպայճանական կողմը կը յարգէ մի՛այն այն հայազգի անձանց Ազերպայճան վերադառնալու մտադրութիւնը, որոնք կը յարգեն իրենց երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»։