Search
Close this search box.

Թուայնացումը կը հասնի Սամուէլեան գրատան արխիւներու փրկութեան

Փարիզի մէջ 1930-ին Հրանտ Սամուէլի հիմնած Սամուէլեան գրատունը հայկական սփիւռքի ամէնէն ծանօթն էր, ամէնէն հեղինակաւորը։ Մինչեւ իր մահը՝ 1977, զայն ղեկավարեց Հրանտ Սամուէլ, ապա ջահը յանձն առին անոր երկու զաւակները՝ Արմէն Սամուէլան եւ Ալիս Ասլանեան, որոնք յաջողեցան հակառակ մերօրեայ աշխարհին կրած հսկայական փոփոխութիւններուն, թիավարելով հոսանքն ի վեր, զայն բաց պահել մինչեւ 2016 թուականը, երբ հրաժեշտ կու տային կեանքին: 

Ովքե՜ր չէ հիւրընկալած այս վայրը. այնպիսի՜ համբաբաւոր լրագրողներ, հետազօտողներ, պատմաբաններ անցած են հոնկէ…:

Տարիներէ ի վեր հոն պահուող թերթերու հաւաքածոները սկսած են փճանալ: Ժամանակի ընթացքին արժէքաւոր փաստաթուղթերու վիճակը դարձած է աւելի քան մտահոգիչ, իսկ անոնց մէկ մասը այլեւս նոյնիսկ կարելի չէ թերթատել:

Այսօր, նոր կեանքի մը յոյսը ծագած է ոչնչացման ճիրաններուն դէմ-յանդիման գտնուող այդ բովանդակ գանձին համար։ Արդարեւ, Սամուէլեան ընտանիքի աջակցութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տրամադրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ արեւելեան լեզուներու թուայնացման եւ առնչակից այլ արհեստագիտութիւններու մէջ մասնագիտացած Calfa ընկերութիւնը պիտի կարենայ կատարել փրկարարական աշխատանքներ: Մարտահրաւէրը կը վերաբերի ոչ միայն այս թերթերը եւ տպագիր փաստաթուղթերը անմահացնելու համար զանոնք թուայնացնելու, այլ նաեւ այդ հարստութիւնը հանրութեան համար հասանելի դարձնելու:

Խնդրոյ առարկայ արխիւները կը բաղկանան գլխաւորաբար հայկական սփիւռքի աւելի քան 70 տարբեր թերթերէ, հրատարակուած՝ աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, 1920-էն 1975։ Թերթերու հնամաշութեան յարուցած դժուարութիւններէն անդին, հսկայական է ծրագիրը նաեւ իր ծաւալով, քանի որ խօսքը կը վերաբերի 10.000-էն 15.000 էջի: