Search
Close this search box.

Թումոյի արհեստական բանականութեան նախագիծը արժանացած է հեղինակաւոր Tools Competition-ի գլխաւոր մրցանակին

Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը արժանացած է հեղինակաւոր Tools Competition-ի 2023-24-ի գլխաւոր մրցանակին՝ կրթութեան մարզին մէջ արհեստական բանականութեան (AI) համարկման ուղղութեամբ կեդրոնի ակնառու աշխատանքին համար:

Այս մրցոյթին, որ տեղի կ՚ունենայ OpenAI, Bill and Melinda Gates Foundation, Schmidt Futures եւ Ballmer Group նշանաւոր կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, այս տարի աւելի քան 1900 ընդունուած դիմումներէն Թումօն ճանչցուած է յաղթողներէն մէկը՝ բարձրագոյն անուանակարգի մէջ։

“Մենք կը զարգացնենք AI լուծումներ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ”,– նշած է Թումոյի՝ Զարգացման բաժնի տնօրէն Բեկոր Փափազեան: “Շարունակաբար կը կատարելագործենք մեր ուսումնական հարթակը՝ ստեղծելով սերող (générative) արհեստական բանականութեան շուրջ ուսումնական բովանդակութիւն՝ իբրեւ նոր հմտութիւններու զարգացման ոլորտ եւ զայն կը մերենք մեր արհեստագիտական եւ ձեւաւորման բոլոր դասընթացներուն մէջ՝ սկսեալ ծրագրաւորումէն եւ խաղերու մշակումէն, մինչեւ ֆիլմարտադրութիւն եւ գծագրական ձեւաւորում:

Tools Competition-ը կը գանձատրէ Թումոյի AI Learning Coach ծրագրի մշակումը: Այս նորարարական օրինակը կը հիմնուի ուսանողներու կրթական գործընթացներու միլիոնաւոր ժամերու տուեալներուն վրայ՝ ստեղծելով եզակի ուսումնական շաւիղներ, որոնց շնորհիւ առաւելագոյն արդիւնաւէտ փորձառութիւն կ՚ապահովուի իւրաքանչիւր ուսանողի համար: Ծրագրին խումբը փորձարկումներ կը կատարէ տարբեր AI արհեստագիտութիւններով եւ կը տրամադրէ տուեալներ Stanford AI Lab-ի, Berkeley School-ի եւ Carnegie Mellon University-ի հետազօտողներուն՝ աջակցելով AI-ի եւ կրթական արհեստագիտութիւններու հարթակներու վրայ շարք մը լրացուցիչ նախագիծերու: