Search
Close this search box.

Թումոյի նոր նախաձեռնութիւնը՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած պատանիներուն աջակցելու համար

 

Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ «Թումօն Արցախի պատանիներուն համար» նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած 12-18 տարեկան պատանիներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Բազմամեայ եւ համապարփակ նախաձեռնութիւնը արցախցի պատանիներու կողքին պիտի ըլլայ անոնց պատանեկութեան ամբողջ շրջանին՝ տրամադրելով բազմակողմանի աջակցութիւն եւ ապահովելով նոր միջավայրի մէջ տղոց առողջ համարկումը: “Թումօն Արցախի պատանիներուն համար” նախաձեռնութիւնը Թումօ–Հայաստան ծրագրին մաս կը կազմէ, որուն նպատակն է մինչև 2026 թուականը Թումոյի կրթական ծրագիրը հասանելի դարձնել բոլոր հայ պատանիներուն:

Վերջին 12 տարիներու ընթացքին Թումօն աշխատած է տասնեակ հազարաւոր պատանիներու, անոնց մէջ հազարաւոր Արցախցիներու հետ՝ Ստեփանակերտի Թումօ կեդրոնին եւ Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի մէջ գործող Թումօ տուփերու միջոցով: Այժմ, գործընկեր կազմակերպությիւններուն հետ միատեղ Թումօն յանձն կ՚առնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած պատանիներու կարիքներուն գնահատումը, ինչպէս նաեւ պետական եւ միջազգային կառոյցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ անոնց տրամադրուող ծառայութիւններու համակարգումը: 

Նախաձեռնութեան իրականացման համար ստեղծուած յատուկ աշխատանքային խումբը սերտօրէն կը համագործակցի տուեալներու ցանկագրման, ընկերային աշխատանքի եւ ծառայութիւններու մատուցման գործին մէջ մասնագիտացած կազմակերպութիւններուն հետ»:

Իսկ Թումօ կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան յայտարարած է. “Մենք բոլոր հայ պատանիները մեր զաւակները կը համարենք։ Մեր արցախցի պատանիները աւելի քան երբեք մեր աջակցութեան կարիքն ունին, բայց մենք ալ անոնց կարիքն ունինք: Օգնելով մեր հայրենակից պայծառ երիտասարդներուն ոտքի կանգնելու եւ ի գործ դնելու իրենց ամբողջ ներուժը յանուն բարեկեցիկ եւ ապահով ապագայի՝ պիտի շահինք բոլորս”։

Արցախէն բռնի տեղահանուած այն պատանիներէն եւ անոնց ծնողներէն, որոնց հետ տակաւին կարելի չէ եղած կապ հաստատել, Թումօն կը խնդրէ հեռաձայնել +37410398413 թիւին կամ ուղարկել ել-նամակ մը artsakh.teens@tumo.org հասցէին: