Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կ՚ընդլայնէ իր միջազգային ցանցը։ Այսպէս Գերմանիոյ Մանհայմ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս բացուած է Թումօ կեդրոնը, որ այդ երկրին մէջ երկրորդն է։
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են աւելի քան 200 հիւրեր՝ պետական պաշտօնատարներ, կրթական ոլորտի առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ Թումօ Մանհայմի ուսանողներու առաջին խումբը:
Հազար ուսանողի համար նախատեսուած կեդրոնին մէջ կ՚ուսումնասիրուին ծրագրաւորում, երաժշտութիւն, ռոպոթաշինութիւն, 3D ձեւաւորում, ֆիլմերու եւ խաղերու ստեղծում, գծագիր ուրուագիծ, նկարչութիւն եւ լուսանկարչութիւն:
Թումօ Մանհայմը իրականութիւն դարձած է Dietmar Hopp Foundation-ի, Մանհայմի քաղաքապետութեան, Starkmacher-ի, KfW պետական դրամատան եւ Next Mannheim-ի շնորհիւ:
Թումօ Երեւանի կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած է Հայաստան գտնուող վրացական պատուիրակութիւնը՝ Վրաստանի Կրթութեան, գիտութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Կիորկի Ամիլախվարիի գլխաւորութեամբ:
Այցի ընթացքին կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան եւ Վրաստանի մէջ Թումօ կեդրոններու հիմնադրութեան հեռանկարները:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։