Թուրքիոյ շուրջ 100 քաղաքացիներ կոչ ըրած են Արցախի շրջափակումը օդային փոխադրութիւններու միջոցով ճեղքելու եւ այդպէսով վերջ դնելու մարդկային ողբերգութեան։
Անոնք յատկապէս ընդգծած են.
«Ամիսներէ ի վեր Պաքուի վարչակազմը, Անգարայի վարչախումբին աջակցութեամբ, շրջափակած է Արցախի հայ բնակչութիւնը՝ պատճառ դառնալով անոր ցեղասպանութեան։ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբան, որ Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք [ուր ներգրաւուած էին նաեւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը], պէտք է բաց ըլլար մարդասիրական եւ շտապ օգնութեան ծառայութիւններու եւ խաղաղապահներու համար, 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր փակ է եւ շրջափակուած։
(…)
Խորացող ճգնաժամի պայմաններուն տակ եւ ի հաստատումն միջազգային հանրութեան մտահոգութիւններուն՝ Պաքուի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ հրապարակաւ սպառնալ Արցախի բնակիչներուն՝ այն աստիճան, որ Միջազգային քրէական ատեանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ հրապարակած է կարեւոր զեկոյց մը, ուր Արցախի մէջ Ալիեւի գործողութիւնները որակած է ցեղասպանութիւն։
(…)
Ցեղասպանութեան կանխումը չի նշանակեր սպասել անոր իրագործման, որմէ ետք միայն միջամտել: Ան կ՚ենթադրէ գործնական քայլերու ձեռնարկում՝ այդ վտանգը այսօ՛ր կանխելու համար։
Մենք կոչ կ՚ընենք բոլոր պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, յատկապէս ՄԱԿ-ին եւ Կարմիր Խաչին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան՝ գործուն քայլերու ձեռնարկելու։
Ինչպէս 1948-49 թուականներուն ճեղքուեցաւ Պերլինի շրջափակումը, մենք կոչ կ՚ընենք ճեղքելու Արցախի շրջափակումը օդային մատակարարումներու միջոցով եւ վերջ դնելու մարդկային այս ողբերգութեան»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։