Search
Close this search box.

Թուրք նախարար. «“Զանգեզուրի միջանցք”-ին բացումը պիտի դառնայ թրքական աշխարհը միաւորող գործօն»

TRT Haber-ին տուած հարցազրոյցին, Թուրքիոյ Երթեւեկի եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտնած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը պիտի աւելցնէ բեռնափոխադրումներու ծաւալը Միջին միջանցքի ուղղութեամբ՝ տարեկան 1 միլիոն թոնէն հասցնելով 25 միլիոնի։

“«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի հանդիսանայ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի այլընտրանքը”,– ըսած է ան, շեշտելով, թէ միջանցքը պիտի դառնայ թրքական աշխարհը միաւորող ազդակ, պիտի նպաստէ Թուրքիոյ մէջ արդիւնաբերութեան, արհեստագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման։

Թուրք նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ապրիլին կ՚աւարտին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի ընթացիկ վերանորոգման աշխատանքները։