Ըստ «Էրմէնի Հապեր»-ի՝ Թուրքիոյ Իզմիր նահանգի Մենեմէն քաղաքը գտնուող կիսաքանդ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին պիտի վերանորոգուի։
Այս հարցին անդրադարձած է Մենեէնի քաղաքապետի պաշտօնակատար Այտըն Փեհլիվան, նշելով որ եկեղեցին պիտի վերանորոգուի եւ պիտի օգտագործուի որպէս «Մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն»:
Փեհլիվանի համաձայն՝ եկեղեցին մինչեւ 1922 օգտագործուած է Հայերու կողմէ: Հետագային սրբատեղին անուշադրութեան մատնուած է եւ տարիներու ընթացքին կորսնցուցած՝ իր նախկին տեսքը:
“Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտին կը նախատեսենք կառոյցը մեր ժողովուրդին ծառայութեան յանձնել՝ որպէս արուեստի ու գիտութեան կեդրոն”,– ըսած է քաղաքապետի պաշտօնակատարը:
Նշենք, թէ Մենեմeնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին լքուելէն ետք, Թուրքերու կողմէ որոշ ժամանակով օգտագործուած է իբրեւ զինուորական պահեստ, ապա՝ ախոռ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։