Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Ayna Haber.– «Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ Հայ մը նշանակուած է վարչական շրջանի ղեկավար» 

 

Թրքական «Aynahaber» լրասփիւռը կը տեղեկացնէ, որ ազգութեամբ հայ Պերք Աճառ՝ անցեալ տարի յանձնած քննութեան եւ հարցազրոյցի յաջող արդիւնքներու հիման վրայ, նշանակուած է Տենիզլի նահանգի Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար (քայմաքամ)։

Քայմաքամը Թուրքիոյ կառավարման համակարգին մէջ նահանգէն յետոյ մեծութեամբ 2-րդ վարչատարածքային միաւորի՝ շրջանի ղեկավարն է, որ կը գործէ նահանգապետի ենթակայութեան տակ։

«Յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի Պերք Աճառի այցը՝ Պապատաղ։ Անոր պաշտօնի ստանձնման հազիւ քանի մը օր մնացած է»,– կը գրէ աղբիւրը։

Պաշտօնավարելու պարագային 27-ամեայ Աճառ կը հանդիսանայ առաջին հայը, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ պիտի վարէ նման պաշտօն մը։ Ան կը փոխարինէ վարչական շրջանի նախկին ղեկավար Ատեմ Քարաթաշը։

Նշենք, որ Պերք Աճառ ծնած է Պոլիս, 1995-ին։ Աւարտած է տեղւոյն Սահակեան-Նունեան դպրոցը եւ «Լոյս» վարժարանը։ 2020-ին աւարտած է «Պիլկի» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը։ Աշխատած է փաստաբանական գրասենեակի մը մէջ։