Search
Close this search box.

Թուրքիա ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ

Աղուէս մը՝ հաւերու բուծարանին մէջ

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ յայտարարած է,  որ Թուրքիա ընտրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ։

Ան ընկերային ցանցի իր էջին կատարած գրառման մէջ ըսած է. «Մենք լաւ լուր մը ունինք. Թուրքիա ընտրուեցաւ Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի անդամ»:

Նշելով, որ Թուրքիա այդ Յանձնախումբի անդամ դարձած է Նոյեմբեր 22-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Մասնակից պետութիւններու 24-րդ ընդհ. համաժողով»-ի նստաշրջանին կայացած քուէարկութեամբ, Էրսոյ ի միջի այլոց աւելցուցած է.

«Թուրքիա, յառաջիկայ չորսամեայ իր անդամակցութեան ընթացքին իր խօսքը պիտի ունենայ ըսելիք համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի թեկնածուներու վերաբերեալ որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ՝ Յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ,  նիստերու ընթացքին»:

***

«ՆՅ» – Բոլորս ամէն առաւօտ, լուսոյ առաջին ցոլքերով, երբ կը բանանք աշխարհի վրայ բացուող մեր «պատուհան»-ները, կը տեղեկանանք նորանոր անհեթեթութիւններու։ Երկիր մոլորակը բոլորած է վայրագութեան, յետադիմութեան, լճացման կամ յառաջդիմութեան զանազան ժամանակաշրջաններ, բայց վստահաբար երբեք ա՛յս աստիճանի անհեթեթութիւններու ականատես չէ տեսած։

Հոս, տեղը չէ խորանալու հարցին մէջ։ Բայց որպէս Հայ, չենք կրնար չակնարկել հետեւեալ անընդունելի երեւոյթին։ Պետութիւն մը, որ դեռ նուազ քան ամիս մը առաջ նշեց իր 100-ամեակը, եւ այդ 100 տարիներու ընթացքին, իր տարածքին գտնուող համաշխարհային այդ վերոնշեալ ժառանգութեան կարեւոր մէկ մասը հանդիսացող՝ բազմահազարամեայ ազգի մը հոգեւոր ու մշակութային անսահման ժառանգութիւնը (դեռ չենք խօսիր անոր տէրերուն վիճակած ճակատագրին մասին) միայն փճացնելով ու անհետացնելով զբաղեցաւ՝ պարզապէս այդ ազգէն նուազագոյն հետք չձգելու մոլուցքով… այսօր կ՚ընտրուի այդ նոյն արժէքները պաշտպանելու կոչուած յանձնախումբի անդամ։ 

Իսկապէս բառերը անկարող կը մնան պոռթկումը թուղթին յանձնելու։

Աղուէս մը հաւերու բուծարանէն ներս առնուած է…։

Մեր մտքերուն մէջ անխուսափելիօրէն կը ծնի նաեւ հարցումը, թէ այս կարգադրութիւնը պատմական իրողութիւններու անտեղեա՞կ ըլլալու հետեւանք է, թէ՞ ինչ-ինչ ստոր հաշիւներու, շահերու։ 

Պատասխանի երկու տարբերակներու պարագային ալ, սակայն, ունինք մեր մեղքի բաժինը, քանի ակներեւ է, որ չենք կատարած անհրաժեշտ աշխատանքը, որպէսզի այսպէս չըլլար։