Search
Close this search box.

Թուրքիա կը յուսայ մինչեւ 2029 թուականը կեանքի կոչուած տեսնել «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծը

Ազերպայճանական Trend.az գործակալութիւնը յղում կատարելով Թուրքիոյ Փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուի տեղական լրատու միջոցներուն ըրած յայտարարութեան՝ կը հաղորդէ որ Թուրքիա կը յուսայ  «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծին կ՚իրականացումը մինչեւ 2029 թուականը։

“Մենք այս միջանցքը անփոխարինելի կը համարենք”,– ընդգծած է Ուրալօղլու։

Ան ըսած է, որ միջանցքի ազերպայճանական հատուածը (Պաքուէն Հորադիզ) կը մօտենայ իր աւարտին։

“Միջանցքի թրքական հատուածի երկարութիւնը 224 քմ. է: Ընդհանուր առմամբ, այս միջանցքի ստեղծման ամբողջ գործընթացը պիտի տեւէ հինգ տարի: Այսպէսով, մինչեւ 2028 թուականը մենք աւարտած պիտի ըլլանք բոլոր աշխատանքները”,– նշած է թուրք նախարարը:

Ան բացատրած է, որ շինարարութիւնը կը շարունակուի Հորադիզէն Օրդուբադ (Նախիջեւան) հատուածին մէջ, բացառութեամբ այն բաժնին, որ կը գտնուի հայկական տարածքին մէջ։

“Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ հետ կապող ճամբան, որ շուրջ 100 քմ. երկարութիւն ունի, վերակառուցման կարիք ունի։ Անոր շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Իգդիր-Կարս երկաթուղին, որու համար արդէն մրցոյթներ բացուած են. կը նախատեսենք կառուցումը սկսիլ այս տարի”,– ընդգծած է Ուրալօղլու։

Թուրք նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս դրական արձագանգեց այս միջանցքին, մինչ նախապէս հայկական կողմը կտրականապէս դէմ էր նման նախագիծի։

“Զանգեզուրի միջանցքի հայկական հատուածի երկարութիւնը մօտաւորապէս 43 քմ. է։ Համաձայնութեան պարագային՝ հայկական կողմը պէտք է սկսի աշխատանքները, եւ այդ աշխատանքներու աւարտին վերջապէս պիտի կարենանք համարել, որ միջանցքը ամբողջութեամբ աւարտած է”,– յայտարարած է ան։ 

Ուրալօղլու նաեւ նշած է, որ Իրան առաջարկած է իր տարածքով  (շրջանցելով Հայաստանը) կառուցել ճամբայ մը, որ Ազերպայճանը պիտի կապէ Նախիջևանի եւ Թուրքիոյ հետ եւ այս առաջարկին շուրջ ալ բանակցութիւններ կ՚ընթանան։

“Զանգեզուրի միջանցքը ամենակարճ ճանապարհն է, որ թոյլ կու տայ Թուրքիայէն հասնիլ Կեդրոնական Ասիա եւ թրքախօս երկիրներ”,– եզրափակած է թուրք նախարարը։