Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Վաքըֆգիւղի եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ

Հաթայի Մուսա Լեռան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ երկրաշարժէն վնաս կրած էր, նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին՝ Օգոստոս 17-ին, Սահակ Բ. պատրիարք հօր ձեռամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Արարողութեան մասնակցեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան։

Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Պատրիարք հայրը Սրբալոյս միւռոնով օծեց աւագ խորանն ու Տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Յովակիմ եպիսկ. օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղոմէոս առաքեալներու ձօնուած քովընտի սեղանները, մկրտութեան աւազանը:

Ապա Պատրիարք հօր գլխաւորութեամբ թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Յովակիմ սրբազան հայրը տեղւոյն հրշէջ գունդի մասնաւոր ինքնաշարժի վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը, ուր Ս. միւռոնով օծեց գմբէթի եւ զանգակատան խաչերը:

Օծման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախատօնակ։

Ապա եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղօրհնէք:

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Նոյն գիշերը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական խրախճանք։ Այնուհետեւ Պատրիարք հայրը եկեղեցւոյ պարտէզին ծայրամասը տեղադրուած հարիսայի կաթսաներու կրակը վառեց ու աղօթեց:

Անդրանիկ պատարագ Վաքըֆգիւղի եկեղեցւոյ մէջ

Օգոստոս 18-ին, Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով նախագահեց նորօծ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։

Պատարագը մատոյց Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան:

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց պատարագիչ Սրբազան հայրը եւ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կը գտնուէր այս գիւղին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր, որ զինք հրաւիրած էր մասնակցելու տաղաւարի արարողութեանց եւ պատարագ մատուցելու այս գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ:

Յաւարտ պատարագի, եկեղեցւոյ դռան առաջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Ապա թափօրը յառաջացաւ հարիսայի կաթսաներուն քով, ուր կատարուեցաւ հարիսայի օրհնութիւնը:

Եկեղեցական հանդիսութիւններէն ետք, երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անունին ձօնուած մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ:

Նոյն գիշերը սարքուեցաւ հրաժեշտի ընթրիք:

Լուսանկարները՝ «ԼՐԱԲԵՐ»-ի