Թուրքիոյ մէջ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն ջախջախիչ պարտութիւն կրած է Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութիւնը։ Ընդդիմադիր գլխաւոր ուժը՝ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութիւնը (CHP) երկրին տարածքին՝ քուէներու տոկոսով առաջին դիրքի վրայ հասնելէ, մեծագոյն քաղաքները պահպանելէ զատ, AKP-էն խլած է անթիւ քաղաքապետութիւններ։
Այսպէս՝ CHP ստացած է ձայներու 37,64%-ը, AKP՝ 35,57%-ը։ Երրորդ դիրքի վրայ հասած է «Կրկին բարօրութիւն» կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարն է Էրտողանի «հոգեւոր հօր»՝ Նեճմետտին Էրպաքանի որդին։ Վերջնոյս կողմէ AKP-ի դաշինք կնքելու (զուգահեռ թեկնածուներ չներկայացնելու ձեւով) առաջարկին մերժումը եւ ատոր հետեւանքով քուէներու մասնատումը «մեծ դաւաճանութիւն» որակուած է AKP-ական շրջանակներու կողմէ։ Չորրորդ դիրքի վրայ հասած է քրտամէտ DEM կուսակցութիւնը – որ նախապէս կը կոչուէր HDP – ստանալով ձայներու 5,62%-ը։ Այս ընտրութիւններուն ամենամեծ անակնկալն է վերջին տարիներու ընտրութիւններուն 13%-էն 15%-ի միջեւ տարուբերող արդիւնքներ ձեռք ձգած ազգայնամոլ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան ցնցիչ պարտութիւնը. արդարեւ MHP ձեռք ձգած է ձայներու միայն 4,97%-ը։ (Հոս փակագիծ մը բանալով նշենք, թէ նախընտրական ամէնէն եռուն օրերուն առանց որեւէ բացատրութեան անակնկալօրէն անհետացած՝ MHP-ի պարագլուխ, Էրտողանի դաշնակից եւ թիւ 1 աջակից Տեվլեթ Պահչելի ընտրութեան օրը յանկարծ քուէատուփին առջեւ յայտնուած է դէմքը վէրքերով ծածկուած, թեւը կոտրած։ Այս մասին ամէն տեսակ մեկնաբանութիւն կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ։ Յառաջիկայ օրերուն անհաւանական չէ, որ զգայացունց յայտնութիւններ ջուրի երես գան)։
Այսպէս, CHP-ն տիրացած է Թուրքիոյ ընդհանուր 30 մեծ քաղաքներու կարեւորագոյններուն, ինչպէս՝ Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի, Ատանայի, Անթալիոյ, Պուրսայի…։ Ան, ընդհանուր առմամբ շահած է 420 քաղաքապետութիւն, որոնց 14-ը մեծ քաղաքներ են, 21-ը՝ քաղաքներ, 385-ը՝ գիւղաքաղաքներ։
Մինչ յաղթողն ու պարտուողը, իշխանականն ու ընդդիմադիրը, առանց բացառութեան՝ բոլո՜ր-բոլո՜րը համաձայն են, որ այս ընտրութիւններուն որոշիչ ազդակը եղած է երկրին տնտեսական ահաւոր վիճակը, խոր տագնապը, իշխանամէտ մամուլը (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ էրտողանամէտ մամուլը), նսեմացնելու համար երեւոյթը կը գրէ, թէ եղելութիւնը երկրին իշխանութիւններէն ձերբազատուելու արտայայտութիւն մը չէր, այլ պարզապէս անոնց յղուած ազդարարութիւն մը։ Այս կարգի թերթերէն որոշ անուններ նոյնիսկ որոշած են զոհասեղանին դնել AKP-ն, փրկելու համար Էրտողանը, քանի որ չեն վարանիր գրելու՝ «Այս քուէարկութիւնը կառավարութեան վարած քաղաքականութեան դէմ է, ոչ՝ Էրտողանի»։
* * *
Ապրիլ 1-ին, իր առաջնորդած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ելոյթ ունենալով նախագահ Էրտողան յայտարարած է, թէ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութեան գլխաւոր յաղթողը թրքական ժողովրդավարութիւնն է։
“Յաղթողը ոչ միայն թեկնածուներն էին, այլեւ ամբողջ Թուրքիոյ 85 միլիոն քաղաքացիները, անկախ անոնց քաղաքական համոզումներէն”,– ըսած է ան։
Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է ընտրութիւնները կազմակերպողներուն եւ դրուատանքի խօսքեր ուղղած քուէարկութեան մասնակցած քաղաքացիներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։