Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ. «Քամփ Արմէն» որբանոցը պիտի վերանորոգուի

 

Պոլսոյ Թուզլա արուարձանին մէջ հայ մանուկներու համար հայրենի օճախ դարձած «Քամփ Արմէն» որբանոցի վերանորոգումը կը սկսի յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Այս ճամբարին մէջ, ուր միաժամանակ  100 պատանի կրնայ մնալ, ծրագրուած է ստեղծել նաեւ մշակութային կեդրոն ու գրադարան։

Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ յղում ընելով թրքական «Քրոնոս» կայքին հրապարակած տեղեկութեան։

Աղբիւրին համաձայն՝ հայ մանուկներու համար 1962-ին Թուզլայի մէջ կառուցուած «Քամփ Արմէն» որբանոցի վերանորոգումը կը կատարուի Ամերիկայի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան աջակցութեամբ։

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ այս ճամբարը անցած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի եւ իր ապագայ կնոջ Ռաքէլի մանկութիւնը։

Նշենք, թէ թրքական պետութիւնը քանի մը տարի առաջ փորձեց քանդել այս որբանոցը։ Սակայն պոլսահայ համայնքին, ի մասնաւորի «Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի ջանքերուն եւ պայքարին շնորհիւ որբանոցի սեփականութեան վկայականը յանձնուեցաւ Կետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին։