Search
Close this search box.

Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է

 

Նոյեմբեր 14-ին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ մասնակցած է Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան կազմաւորման 40-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան։

Եըլմազ նաեւ ելոյթ ունեցած է։

“Օր ու գիշեր օրէնքէ, միջազգային իրաւունքէ խօսող որոշ միջազգային շրջանակներ, ցաւօք, չեն յիշեր, կը մոռնան Կազայի, Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածները։ Մենք ամէն առիթով այդ պէտք է յիշեցնենք”,– պնդած է ան։

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ փոխնախագահը անդրադառնալով Ազերպայճանի Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի դէմ սանձազերծած մէկօրեայ պատերազմին, նշած է, որ ինչպէս միշտ, այդ ժամանակ եւս Թուրքիա եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ Ազերպայճանի կողքին:

Նշենք թէ նոյն օրը քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ թրքական բաժնին մէջ Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան  իշխող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ «երեք պետութիւն մէկ ազգ» ըմբռնումով համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է։