Search
Close this search box.

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է չորս գիւղերը Ազերպայճանին վերադարձնելու համաձայնագիրը

 

Ապրիլ 20-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է նախորդ օր հայ-ազերպայճանական սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումին կայացուած համաձայնագիրը՝ «30 տարի բռնագրաւուած» չորս գիւղերը Ազերպայճանին վերադարձնելու կապակցութեամբ։

«Ուղղակի բանակցութիւններով գոյացած այդ դրական զարգացումը կարեւոր քայլ մըն է խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ճանապարահին»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։